Հայաստան- Ծաղկաձորի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Երիտասարդական Հաւաք»ին: Նշենք, որ սոյն հաւաքը հովանաւորուած է կուսակցութեան վերին մարմնին ՝ Կենդրոնական Վարչութեան կողմէ: Աշխարհի տարբեր երկիրպներ հաւաքին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած աւելի քան 200 երիտասարդներ 2- 10 Օգոստոսին պիտի մասնակցին հաւաքին տարբեր աշխատանքներուն, որոնք կ'ընդգրկեն քաղաքական, գաղափարական, ազգային եւ այլ թեմաներուն նուիրուած դասախօսութիւն հանդիպումներ: Տեղի պիտի ունենան նաեւ մարզական խաղեր եւ արշաւներ: Իւրայատուկ այս հաւաքի մանրամասնութեանց «Արեւելք» պիտի անդրադառնայ աւելի ուշ: