image

Ատրպէյճանը Ստեփանակերտի մէջ քանդած է Արցախի խորհրդարանի շէնքը

Ատրպէյճանը Ստեփանակերտի մէջ քանդած է Արցախի խորհրդարանի շէնքը

Ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքները տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ հրապարակած են, ըստ որոնց Ստեփանակերտի կեդրոնին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախկին շէնքը քանդուած է։

Ազգային ժողովի՝ Արցախի անկախութեան շրջանին կառուցուած շէնքը ատրպէյճանական ալիքներն կ՚անուանեն «ինքնաշէն» կառոյց։

Բացի Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը քանդելէ, ատրպէյճանցիները հիմնովին քանդած են «Ազատամարտիկներու» շէնքը, որ կը գտնուէր խորհրդարանի շէնքի հարեւանութեամբ։