Յունիս 12-ին՝ ժամը 14:15-ին, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ականանետ:
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական կողմէն տուժածներ չկան: