image

Ատրպէյճանը Իտալիայէն C-27J Spartan ռազմական ինքնաթիռ գնած է

Ատրպէյճանը Իտալիայէն C-27J Spartan ռազմական ինքնաթիռ գնած է

Ատրպէյճանը յունիս 26-ին Իտալիայէն Leonardo ընկերութեան արտադրութեան C-27J Spartan ռազմական ինքնաթիռ գնած է, յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Քիտօ Քրոզեթթօն, Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Էտմոնտօ Ցիրիէլին եւ Leonardo-ի նախագահ Սթեֆանօ Փոնթեքորվօն օդանաւը ներկայացուցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Հաղորդուած է, որ օդանաւը կրնայ կատարել ե՛ւ պաշտպանական, ե՛ւ քաղաքացիական պաշտպանութեան առաքելութիւններ բարդ աշխարհագրական տեղանքի եւ բարդ գործառնական պայմաններու մէջ:

C-27J Spartan ինքնաթիռը պիտի օգտագործուի ռազմական փոխադրային գործողութիւններու մէջ, զօրախումբերու վայրէջքային առաքելութիւններու ժամանակ: