image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանն այլեւս ոչ մէկ ռազմական նպատակ ունի. Հաճիեւ

Ատրպէյճանն այլեւս ոչ մէկ ռազմական նպատակ ունի. Հաճիեւ

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ Newsweek-ին տուած հարցազրոյցին հերքած է մտավախութիւնները, որ Պաքուն կը ծրագրէ զէնքի ուժով «ցամաքային միջանցք կտրել» դէպի Նախիջեւան Հայաստանի տարածքով։

«Մենք կը տեսնենք կեղծ տագնապ եւ հիսթերիա Հայաստանի կողմէ։ Ատրպէյճանն այլեւս չունի ռազմական նպատակներ: Մեզի համար պատերազմն ու դիմակայութիւնը աւարտած են։ Մենք հասանք անոր, ինչին արժանի էինք»,-ըսած է Հաճիեւ։

 

Խօսելով Պաքուի եւ Երեւանի բանակցութիւններու մասին՝ Հաճիեւ նշած է, որ դեռ կը մնան «հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին»՝ միեւնոյն ժամանակ նկատելով, որ «շատ աւելի մօտ են խաղաղութեան, այլեւս լուրջ խնդրայարոյց հարցեր չեն տեսներ»։