image

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը ապատեղեկատուութիւն է. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը ապատեղեկատուութիւն է. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ Յունիս 20-ի լոյս 21-ի գիշերը ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ՝ չի համապատասխաներ իրականութեան։

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժեք վերահսկողութեան ներքոյ։