Այսօր ժամը 10:40-ի սահմանին Ատրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան ուղղաթիռ կործանուած է: Միջադէպը տեղի ունեցած է ուսումնական թռիչքի ժամանակ Խիզիի շրջանին մէջ գտնուող օդագնացութեան զօրավարժարանին մէջ:
Կործանուած ռազմական ուղղաթիռին մէջ եղած է 18 մարդ, որոնցմէ 14-ը մահացած են, 4-ի վիճակը ծանր է: Անոնք ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներն են:
Անոնց շարքին կայ երկու գնդապետ, հինգ մայոր եւ երեք քափիտան: