image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի մէջ ռազմական ուղղաթիռ խորտակուած է. 14 սպայ մահացած է

Ատրպէյճանի մէջ ռազմական ուղղաթիռ խորտակուած է. 14 սպայ մահացած է

Այսօր ժամը 10:40-ի սահմանին Ատրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան ուղղաթիռ կործանուած է: Միջադէպը տեղի ունեցած է  ուսումնական թռիչքի ժամանակ Խիզիի շրջանին մէջ գտնուող օդագնացութեան զօրավարժարանին մէջ:

Կործանուած ռազմական ուղղաթիռին մէջ եղած է 18 մարդ, որոնցմէ 14-ը մահացած են, 4-ի վիճակը ծանր է:  Անոնք ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներն են:

Անոնց շարքին կայ երկու գնդապետ, հինգ մայոր եւ երեք քափիտան: