Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր կանչած է Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Սայյէտ Ապպաս Մուսաուին՝ իրանա-ատրպէյճանական սահմանի մօտ իրանական ռազմական օդանաւուն ենթադրեալ թռիչքի պատճառով։ Այս մասին գրած է իրանական Mehr գործակալութիւնը:
Շաբաթ օր տարածելով համատեղ յայտարարութիւն՝ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդած են, որ «2023-ի 11 մարտին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկանող ռազմական օդանաւը ժամը 09:44-էն 10:26-ը շարունակաբար թռիչքներ իրականացուցած է իրանա-ատրպէյճանական պետական սահմանի երկայնքով Զանգիլանի (Արցախի`44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Պաքուի բռնագրաւման տակ յայտնուած Կովսականի շրջան-խմբ.), Պիլասուվարի եւ հակառակ ուղղութեամբ»:
Ըստ յայտարարութեան՝ օդանաւը թռչած է երկու երկիրներու միջեւ սահմանէն երեքէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, իսկ որոշ պարագաներու՝ սահմանի վրայով։
Պաքուն պնդած է, որ իրանական կողմի քայլը սադրիչ է եւ ոչ բարեկամական։ Ըստ Պաքուի՝ սահմանային գծով թռիչքները վտանգ կը ներկայացնեն քաղաքացիական օդագնացութեան անվտանգութեան եւ կը ծառայեն երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ սրման։
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք իրանական կողմը նման սադրիչ քայլի համար եւ կոչ կ'ընենք համապատասխան բացատրութիւններ տալու եւ հետագային զերծ մնալու նման սադրիչ քայլերէ», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Ատրպէյճանական կողմը նաեւ յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի իրանական կողմը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կատարած է նաեւ Արաքս գետի երկայնքով՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն մօտ։
Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, դատապարտելով ենթադրեալ գործողութիւնը, իրանական կողմէն պատշաճ բացատրութիւն պահանջած է։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանը ենթադրեալ թռիչքի պատճառով կանչուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ, եւ որուն համապատասխան բողոքի գիր ներկայացուած է ։