image

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է ԱԳՆ

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է ԱԳՆ

Իրանի դեսպան՝ Սէյիտ Ապաս Մուսաուին կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ ԱԳՆ-ին յղումով։

«Հանդիպման ընթացքին դժգոհութիւն եւ մտահոգութիւն արտայայտուած է Իրանի հակաատրպէյճանական քարոզչութեան, զրպարտչական արշաւի եւ Իրանի բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու սպառնալից հռետորաբանութեան առնչութեամբ, որոնք չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ոգիին։ Ըսուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ անջատողականութիւն հրահրող եւ այլ երկիրներուն մէջ քրէական հետապնդումէն խուսափող անձերու ընդունելութիւնն Իրանի դեսպանատուներու մէջ անբարեացակամ քայլ է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նախօրէին Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Ալի Ալիզատէն կանչուած էր Իրանի ԱԳՆ՝ պաշտօնեաներու հակաիրանական յայտարարութիւններու առնչութեամբ

Զրոյցի ընթացքին իրանական կողմը խիստ բողոք յայտնած է Ալիզատէին՝ կապուած ատրպէյճանական պաշտօնեաներու ոչ բարեկամական հռետորաբանութեան, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու Իրանի մասին իրականութեան չհամապատասխանող կերպար ստեղծելու հետ։ Թեհրան կ'ակնկալէ, որ Պաքուի կողմէ նման գործողութիւնները կը դադրին հնարաւորինս շուտ եւ չեն կրկնուիր ապագային։