image

Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարները հեռախօսային զրոյց ունեցած են

Ատրպէյճանի եւ  Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարները հեռախօսային զրոյց ունեցած են

Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանով եւ Պենի Կանց հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Պաքուի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարները։

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ»,-ըսուած է Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Կանց նշած է, որ ատրպէյճանա-իսրայէլեան յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ եւ երախտագիտութիւն յայտնած է Թէլ Աւիւի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն բանալու որոշման համար։