Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանով եւ Պենի Կանց հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Պաքուի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարները։
«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ»,-ըսուած է Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Կանց նշած է, որ ատրպէյճանա-իսրայէլեան յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ եւ երախտագիտութիւն յայտնած է Թէլ Աւիւի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն բանալու որոշման համար։