image

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւնները կը տարուին երկու ուղղութեամբ. Ալիեւ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւնները կը տարուին  երկու ուղղութեամբ. Ալիեւ

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը կ'իրականացուի երկու ուղղութեամբ. այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պուեար Օսմանիի հետ հանդիպման ընթացքին:

«Առաջին ուղղութիւնն Ատրպէյճանի «Ղարաբաղի տարածաշրջանի» հայ բնակիչներու վերահամարկումն է, երկրորդը՝ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները խաղաղութեան պայմանագրի եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ»,- ըսած է  Ալիեւ։