image

Ատրպէյճանէն արձագանգ ընդդէմ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն

Ատրպէյճանէն արձագանգ ընդդէմ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը արձագանգած է Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ հայ-ֆրանսական ռազմական գործակցութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններուն։

Այխան Հաճիզատէն կարծիք յայտնած է, թէ իբր Ֆրանսայի նախագահի՝ Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութիւնը արդարացնող, կողմնակալ դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտելու փորձի եւս մէկ վառ օրինակ է։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակի պնդմամբ՝ Պաքուի որեւէ քայլ, այդ շարքին՝ սեփական ռազմական ներուժի հզօրացումը, ուղղուած եղած է եւ ուղղուած է «արդար նպատակի»։ Ան աւելցուցած է, թէ իբր Փարիզի ջանքերը չեն ծառայեր խաղաղութեան եւ որեւէ արդիւնք չեն տար:

Աւելի վաղ Մաքրոն մամլոյ ասուլիսին վերահաստատած էր Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

«Միանգամայն բնական է պատասխանել ինքնիշխան երկրի խնդրանքին՝ երկրի, որ կ՚ուզէ զինուիլ եւ կը զգայ, որ իր վրայ կրնայ յարձակիլ մէկ այլ երկիր: Եթէ դիտարկենք անցած տասնամեակները, ապա Ատրպէյճանը աւելի շատ զինուած է, քան Հայաստանը։ Եւ եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, Ատրպէյճանը 2020 թուականին սարսափելի պատերազմ սկսած է: Երբեք չեմ լսած վարչապետ Փաշինեանէն, որ ինքը պատերազմի կամ յարձակման որեւէ ծրագիր ունենայ»,-ըսած էր Ֆրանսայի ղեկավարը։