Եմէնի հիւսիսը հուսիներու «Անսար Ալլահ» շիա ռազմաքաղաքական շարժումը յայտարարած է, որ հրթիռներ արձակած է Թել Աւիւի «կենսական կարեւորութիւն ունեցող» թիրախներու դէմ։
«Իսրայէլացի թշնամիի կենսական կարեւորութիւն ունեցող թիրախներուն դէմ հրթիռային համազարկ արձակուած է, իսկ հրթիռները ճշգրտօրէն հարուածած են իրենց թիրախները»,– ըսուած է Al Masirah հեռուստակայանէն սփռուած հուսիներու ռազմական հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ Իսրայէլի զինուած ուժերը յայտարարած էին, որ Եմէնէն հրթիռներ արձակուած են իսրայէլական տարածքին դէմ։