Ատրպէյճանը երբեք պիտի չարտօնէ, որ իր տարածքը օգտագործուի երրորդ երկիրներու, այդ շարքին՝ հարեւան եւ բարեկամ Իրանի դէմ։ Այս մասին այսօր, Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Ատրպէյճանի ԱԳՆ հաղորդագրութեան համաձայն՝ զրոյցի ընթացքին Պայրամովը նաեւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Իրանի ղեկավարութեան՝ երկրի բարձրաստիճան զինուորականներու մահուան առիթով։
Երկու կողմերն ալ շեշտած են լարուածութեան մեղմացման եւ հարցերու դիւանագիտական ճանապարհով լուծման անհրաժեշտութիւնը։