Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ, որ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով: Այս մասին Թութիթըրով գրած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը:
««Աղտամ» օդանաւով կը թռչինք Ֆիզուլիի նորակառոյց օդակայան եւ կը մեկնինք Շուշա` Shusha Majlis Discussion ձեւաչափով միջազգային վերլուծական կեդրոններուն հետ «Հարաւային Կովկասի զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողով կայացնելու համար: Շուշան կը վերածուի տարածաշրջանի դիւանագիտական մայրաքաղաքի», նշած է Հիքմեթ Հաճիեւը: