image

Ատրպէյճան կը շարունակէ ուժի ցուցադրութիւնը

Ատրպէյճան կը շարունակէ  ուժի  ցուցադրութիւնը

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ կործանիչներու ուսումնական թռիչքներու մասին:

«Սենարի համաձայն` Միկ-29 ինքնաթիռները փոքր եւ միջին բարձրութիւններու վրայ կատարած են բարդ մարտական առաջադրանքներ: Զօրավարժութիւններու ընթացքին օդաչուները մշակած են խնդիրներ`  պայմանական հակառակորդի թիրախներու սահմանման, ՀՕՊ միջոցներէն խուսափելու եւ օդային պայքարի վարման ուղղութեամբ: Զօրավարժութիւններուն դրուած խնդիրները յաջողութեամբ իրականացուած են», ըսուած է ատրպէյճանական ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: