17 Սեպտեմբերին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններուն, ատրպէճանական զինուժը Արցախի Հանրապետութեան արեւմտեան հատուածին մէջ հերթական անգամ խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը, որու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, շարքային Վրոյր Վարդանի Շահրամանեան: Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի ՊՆ-էն։
Միջադէպի առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: