Ատրպէյճանա-իրանական սահմանին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, կայ վիրաւոր: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով գլխաւոր դատախազութեան եւ պետական սահմանային ծառայութեան համատեղ յայտարարութիւնը:
«Հորադիզ» սահմանապահ ջոկատի սահմանապահները Պոյուք Պահմանլի գիւղի մօտակայքը գտնուող սահմանապահ դիրքի տարածքին մէջ 8 Սեպտեմբերի գիշերը (00:57) նկատած են, թէ ինչպէս երեք անյայտ անձ խախտած են պետական սահմանը Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն Ատրպէյճանի ուղղութեամբ:
Իրաւախախտները անտեսած են սահմանապահներու նախազգուշացումը եւ օդ արձակած նախազգուշական կրակը: Սահմանախախտներու փախուստի փորձը կանխելու համար սահմանապահները զէնք կիրառած են: Սահմանախախտներէն մէկը վիրաւորուած է, երկուքը յաջողած են փախիլ:
Ձեռքէն թեթեւ վիրաւորուած սահմանախախտը տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ձերբակալուածը ներկայացած է որպէս 1981 թուականին ծնած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի Զամանի Միրասկեր Միրագա: Անոր պայուսակը զննելու ժամանակ յայտնաբերուած են դեղորայքի նման նիւթեր՝ մօտ 11 քիլոկրամ 770 կրամ կշիռքով: Միջադէպի մասին իրանական կողմը տեղեկացուած է: