image

Ատրպէյճան հետախուզում յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ իր նախկին դեսպանին նկատմամբ

Ատրպէյճան  հետախուզում յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ իր նախկին դեսպանին նկատմամբ

Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ իր նախկին դեսպան Թալաթ Ալիեւի նկատմամբ: Վերջինս կը մեղադրուի պետական միջոցները մեծ չափերով իւրացնելու մէջ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում ընելով Պաքուի գլխաւոր ոստիկանական բաժանմունքին: 

Կայքի տեղեկութիւններով` այժմ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ որոնողական միջոցառումներ` Ալիեւը կալանաւորելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Թալաթ Ալիեւը Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանի պաշտօնը զբաղեցուցած է 2001-2010 թուականներուն: