Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ իր նախկին դեսպան Թալաթ Ալիեւի նկատմամբ: Վերջինս կը մեղադրուի պետական միջոցները մեծ չափերով իւրացնելու մէջ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում ընելով Պաքուի գլխաւոր ոստիկանական բաժանմունքին:
Կայքի տեղեկութիւններով` այժմ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ որոնողական միջոցառումներ` Ալիեւը կալանաւորելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:
Թալաթ Ալիեւը Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանի պաշտօնը զբաղեցուցած է 2001-2010 թուականներուն: