image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան դատած է 13 հայ ռազմագերի

Ատրպէյճան դատած է 13 հայ ռազմագերի

Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ աւարտած է 13 հայ ռազմագերիներու քրէական գործով դատաքննութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ trend.az կայքը:

Դատարանը մեղադրեալներէն իւրաքանչիւրը 6 տարուան ազատազրկման դատապարտած է ընդհանուր ռեժիմի բանտին մէջ, իսկ պատիժը կրելէ ետք անոնք անմիջապէս պիտի վտարուին երկրէն:

 

Դատարանի առաջ կանգնած 13 ռազմագերինենր են՝ Հայկազ Կորիւնի Յովհաննիսեանը, Վարազդատ Անուշաւանի Մանուկեանը, Դաւիթ Ստեփանի Ստեփանեանը, Լեւոն Աշոտի Թոսունեանը, Արթուր Էտուարտի Պաղտասարեանը, Սերոբ Սուրէնի Աւագեանը, Վարազդատ Յարութիւնեանը, Ժորա Վանոյի Մանուկեանը, Հրայր Հրաչի Գերաբեանը, Նարեկ Գասպարեանը, Գրիգոր Կիւրէղեանը, Աշոտ Արտակի Գէորգեանը, Մարտին Մուշեղի Աղրամանեանը: