«Աստուած հետդ ըլլայ տղաս». Խօսք մեծ մօրս յիշատակին.Յակոբ Ճռնազեան

«Աստուած հետդ  ըլլայ տղաս». Խօսք  մեծ մօրս  յիշատակին.Յակոբ Ճռնազեան

  Երուսաղէմի հայկական համայնքի  աշխոյժ  անդամներէն  Յակոբ Ճռնազեան   յուզումնալից տողեր  գրած է  իր  մեծ մօր ՝ Թէրէզ Ճռնազեանի  յիշատակին։

Կը ներկայացնենք գրառումը, մեր խորազգաց    ցաւակցութիւնները յղելով   հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։

Այսօր հասաւ իր աւարտին Թէրէզ Ճռնազեանի կեանքի ճանապարհը։ 

Մեծ վշտով կը յայտարարենք մեր Մօր եւ մեծ Մօր Տիկին Թէրէզ Ճռնազեանի մահը որ պատահեցաւ, Ուրբաթ 27 Յունուար 2023-ին, առաւօտեան։ 

Վերջին շաբաթները եղան մեր ընտանիքին համար դժուար շաբաթներ, Նոր Տարին եղաւ ընտանեկան վերջին տօնական ընթրիքը մեր մեծ Մօր հետ, անմիջապէս մեկ օր ետք հիւանդանոց ուղղուելով երկրորդ անգամ ըլլալով արդեն հասկանալի էր մեզ համար թէ այս անգամ Թէրէզը տուն պիտի չի վերադառնայ։ Ան ծնած էր Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի մէջ, 1966-ին Երուսաղէմ կը ժամանի որպէս հարս մեծ հօրս Յակոբ Ճռնազեանի, ան այսօր դառձեալ միացաւ մեծ հօրս։ 

Յունուար 14, Նոր տարուայ օրը թէ ուրախութեան թէ տխրութեան օր էր մեզ համար, ուրախութեան քանզի մեծ Մայրս մեր հետ կարողացաւ Նոր Տարին տօնախմբել, հակառակ այն փաստին որ արդեն չեր յիշեր մեզ վերջին շաբաթներուն։ Երբ ըսուեցաւ իրեն` Նէնէ այսօր Նոր Տարի է, պատասխանեց  «Ամա իրաւ՞,  Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորին, առողջ եւ երջանիկ ապրիք, իրար սիրեցէք» եւ մի քանի ժամ ետք ուղղուեցաւ դէպի հիւանդանոց։ Աչքերը փակեց Յունուար 14-ին եւ այսօր վերջնականապէս հասաւ իր կեանքի ճանապարհի աւարտին։ 

Նէնէ, թոռնիկդ է Յակոբը, Սագոյին տղան, ականջիդ ըսելով այս բառերը վերջին օրերուն, այսօր կը գրեմ ըսելով` Նէն, շնորհակալ եմ բոլոր քո հետ ունեցած մեր յիշատակները,  շնորհակալ եմ առաւօտեան ժամերը որ քո հետ անցուցած եմ, շնորհակալ եմ քո աղօթքներուն, շնորհակալ եմ քո ցուցաբերած սէրը, ընտանիոք քեզ շնորհակալ ենք։ 

«Աստուած հետդ  ըլլայ տղաս, Աստուած ջար փորձանքները ազատէ» այս բառերով ինծ կը ճամբէիր ամեն առաւօտ։

Նէն, այսօր մենք քեզ կը ճամբենք դէպի յաւիտենական աշխարհ։

Աստուած հոգիդ Լուսաւորէ մեր սիրելին, ննջիր խաղաղութեամբ։