image

Հալէպի մէջ. Լոյս տեսաւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի հայացուցած «Աստուածաբանական եւ Վադապետական Նիւթեր» խորագրեալ հատորը 

Հալէպի մէջ. Լոյս տեսաւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի հայացուցած «Աստուածաբանական եւ Վադապետական Նիւթեր» խորագրեալ հատորը 

Օրերս Հալէպի մէջ «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսած է «Աստուածաբանական եւ Վադապետական Նիւթեր» Ա․ հատորը, զոր հայացուցած է Մակար Արք․ Աշգարեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, օրերս Հալէպի մէջ «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ «Աստուածաբանական եւ Վադապետական Նիւթեր» Ա․ հատորը, զոր հայացուցած է Մակար Արք․ Աշգարեանը։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեան տիար Արա Մահսերէճեանի, ի յիշատակ իր հանգուցեալ հօր եւ մօր՝ Մանուէլ եւ Այտա Մահսերէճեաններուն։

Ներածականին մէջ Մակար սրբազան կը գրէ․

«Որքան իր մարդկային միտքը ճարտարարուեստի մարզին մէջ հսկայական քայլեր կը նետէ եւ գագաթներ նուաճելով` գրեթէ օրը օրին իր անձին դէմ կը մրցի, այնքան աւելի, դժբախտաբար, կարծէք անոր հոգեբարոյական եւ ընկերային կեանքը նահանջ կ'արձանագրէ եւ ճշմարտութեան աղբիւրէն հեռանալով` կը նուազի, կը դատարկուի, կը ցամքի եւ ենթակայ կը դառնայ զանազան տեսակի ոչ ուղղափառ ուսուցումներու, մոլորեցուցիչ գաղափարներու եւ այլանդակ, քանդիչ ու կորուսիչ մտածումներու եւ բացատրու թիւններու: Այս իրավիճակէն բնականաբար անմասն չեն մնար հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որոնք ներկայ ժամանակի պարտադրած պայմաններուն պահանջքին դիմաց՝ կամայ-ակամայ իրենց առօրեային մեծ բաժինը կը յատկացնեն կեանքի հեւքոտ անիւին հետ քայլ պահելու սրընթաց վազքին, ուր շատ յաճախ առ երեւոյթ կարեւոր թուացող բաներ հետապնդելով` ակամայ կ'անտեսեն եւ կ'արհամարհեն այն՝ ինչ որ էական է եւ անհրաժեշտ իրենց հոգեբարոյական առողջ կեանքի աճման ու զարգացման: Կան նաեւ անոնք, որոնք կամաւորաբար կը մերժեն ճշմարտութիւնը եւ չեն ուզեր լսել առողջ ուսուցումն ու վարդապետութիւնը, որոնց մասին Պօղոս առաքեալ գեղեցիկ կերպով մարգարէացած է՝ ըսելով. «... ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն: Պիտի չուզեն ճշմարտութիւնը լսել, եւ առասպել ներու ականջ տալով՝ պիտի կորսուին»։

Միւս կողմէ սակայն, չենք կրնար ուրախութեամբ չարձագանգել այն իրողութեան մասին, որ բազմաթիւ երիտասարդներ ալ վերոյիշեալ իրավիճակին մէջ ըլլալով հանդերձ, յատուկ Հետաքրքրութիւն եւ սէր ունին Աստուածաշնչական, կրօնական, հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային հարցերու մասին, որոնք իրենց ամէնօրեալ մտահոգութեան եւ մտածումին առարկան դարձուցած են։ Եւ այդ մէկը բացայայտ կ'իմացուի ցարդ մեզի եւ այլ եկեղեցական հայրերու ուղղուած բազմաթիւ հարցումներու ընդմէջէն եւ յատկապէս` իրենց հարցումներուն լուսաբանիչ եւ յագեցում տուող պատասխանները ստանալու անկեղծ ակնկալութեան եւ անհամբեր սպասումին մէջ: Երեւոյթ մը, որ մեծապէս կ'ուրախացնէ եւ կը յուսադրէ մեզ։

Առ այդ, ներքին մղումով վերոյիշեալ «պահանջքին» ընդառաջելով փորձած եմ այս համեստ աշխատանքը կատարել (երկու հատորով. Ա Հատորը՝ 9 յօդուածներ, իսկ Բ. Հատորը՝ 25 յօդուածներ) եւ զայն ուրախութեամբ ձօնել` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի 95-րդ ամեակին եւ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիին, որ իրողութեան մէջ թարգմանաբար զանազան թեմաներու համադրումն է, որպէս ծաղկաքաղ քրիստոնէական կրօնքին եւ հաւատքին առնչուած աստուածաբանական, քրիստոսաբանական, վարդապետական եւ ընկերաբարոյական նիւթերու, որոնք կը հաւատամ որ մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանան ընթերցողներուն, յատկապէս` երիտասարդներուն, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն ճամրով լուսարանուելու եւ ճիշդը սորվելու ու գիտնալու առումով։ Երբ ճշմարտութեան կ'աշակերտինք, ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնանք եւ ճշմարտութիւնը մեզ պիտի ազատէ ամէն տեսակ ստրկութենէ, կաշկանդումներէ եւ շեղումներէ։ Զոյգ հատորները կը ներառեն 34 յօդուածներ տարբեր հեղինակներու գործերէն թարգմանուած, արաբերէնէ ու անգլերէնէ»։