image

Նախագահ Ասատ 5 պահանջ ներկայացուցած է Էրտողանին. Türkiye Gazetesi

Նախագահ Ասատ 5 պահանջ ներկայացուցած է Էրտողանին. Türkiye Gazetesi

Իշխանամերձ «Türkiye» թերթը, անդրադառնալով Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններուն, գրած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ 5 պահանջ ներկայացուցած է Անգարային, կը հաղորդէ Ermenihaber-ը:

Ըստ յիշեալ աղբիւրի՝ Դամասկոս, որ «11 տարի անց Թուրքիոյ հետ կ'ուզէ կրկին հարեւան ըլլալ» Անգարային հետեւեալ պահանջները ներկայացուցած է․

1․ Իտլիպի վերադարձը Դամասկոսի վարչակազմին

2․ Քեսապի մաքսակէտի վերադարձը Ռէյհանլը-Ճիլվէկէօզու սահմանային անցակէտի հետ միասին

3․ Փախդրային միջանցք Ճիլվէկէօզույի եւ Դամասկոսի միջեւ

4․ Լիարժէք հսկողութեան սահմանում Սուրիոյ արեւլեան Տէր Զօր-Հասաքէ քաղաքներու եւ Հալէպ-Լաթաքիա փոխադրային միջանցքի (M4) վրայ

5․ Թուրքիոյ աջակցութիւնը Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի՝ Ասատի վարչակազմին աջակցող պաշտօնեաներուն եւ գործարարներուն։

Նշուած է, որ Թուրքիան ալ այդ ամէնու դիմաց իր պահանջները ներկայացուցած է.

1. Ամբողջովին մաքրել «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) եւ «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու»  (YPG) հսկողութեան տակ գտնուողշրջանները»։

 

2. Լիովին վերացնել ահաբեկչութեան վտանգը սահմանին»,

3. Ընդդիմութեան եւ Դամասկոսի միջեւ ամբողջացնել քաղաքական եւ ռազմական համարկման գործընթացները։

4. Ապահովել փախստականներու անվտանգ վերադարձը։