image

Արժէքաւոր թարգմանութիւն Մինաս Լուռեանի գրիչով

 Արժէքաւոր թարգմանութիւն Մինաս Լուռեանի գրիչով

Վենետիկէն ոգեշնչող լուր ստացանք։ Մշակութային գործունէութիւն ծաւալով եւ հայկական արժէքները Իտալիոյ հասարակութեան ներկայացնող մտաւորական ՝ Մինաս Լուռեան օրերս աւարտած իտլաէրէնով լոյս տեսած կարեւոր աշխատութեան մը հայերէնի թարգմանութիւնը։

 Այս մասին  «Արեւելք» իմացաւ Լուռեանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրած է ՝

Երկխօսութեան յիշարժան երեկոյ՝ պատմագիտական հետազօտութիւններու «Microstoria» խումբի հիմնադիրներ՝ Գարլօ Կինզպուրկի եւ Ճովաննի Լեւիի միջեւ։

Շնորհակալ եմ լուսանկարի հեղինակ՝ հանրածանօթ հոգեբան բարեկամուհիիս՝ (Ճիովաննի Լէւիի տիկինը) Ռոպերթա Կուարնիերիին, այս կարեւոր հանդիպման մասին զեկուցելու եւ գլուխգործոցի մը հեղինակին հանդիպելու հնարաւորութեան համար, որուն թարգմանութիւնը աւարտեցի քանի մը օր առաջ։

Հեղինակին եւ թարգմանիչին միջեւ անմիջական հաղորդակցութիւնը, անկեղծ եւ ուրախ «գրկախառնութիւնը» անբացատրելի էր։

Շնորհակալ եմ նաեւ պատմաբան եւ UCLA համալսարանի դասախօս ընկերոջս՝ Սեպուհ Ասլանեանին, որ ամիսներ առաջ ինձմէ խնդրեց հայերէնի թարգմանել Կինզպուրկի «Պանիրն ու որդերը» աշխատութիւնը։