image
Հրատապ լուրեր:

Յովիկ Էօրտէքեանի գնահատելի եւ արժէքաւոր հատորը. Գրեց՝ Պարոյր Աղպաշեան

Յովիկ Էօրտէքեանի գնահատելի եւ արժէքաւոր հատորը. Գրեց՝ Պարոյր Աղպաշեան

«ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ 1991-2021 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ» Հատորին առթիւ 

Որքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, այլեւ՝ հրամայական ու պարտադրական, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ, հաւաքականութիւն, համայնք կամ գաղութ միշտ իր պատմութիւնը գրառէ, արձանագրէ, յիշատակագրէ, վկայագրէ կամ մէջբերէ։

Ասոնք էական եւ անխուսափելի են, մանաւանդ անոնց համար, որոնք, իրենց պատմութեան ընթացքին, անցած են բարդ ու դժուարին ժամանակներէ, ունեցած են ընդունելի անցեալ կամ փխրուն կեանք, դիմագրաւած են թեժ մարտահրաւէրներ, յաղթահարած են խոչընդոտներ եւ, ընդհանրապէս, իրենց ճակատագիրը եղած է դառն, ալեկոծ կամ անկայուն, թերեւս ալ, համեմատաբար, ունեցած են աւելի բարօր, հանգստաւէտ ու տանելի կարգավիճակ։

Այսպիսի պարագաներու, կ’ըսուի, խնդրոյ կողմերուն պատմութիւնը, թէ՛ իրենց, թէ՛ այլոց համար, կը դառնայ բացարձակատիրութիւն մը, ուր՝ ամէն ինչ, սեւով-ճերմակի վրայ կ’արտացոլուի, մերթ թափանցիկ, մերթ խորհրդաւոր, մերթ ալ կարկտան մանրամասնութիւններով։

Պատմութիւնը այդպէս եղած է միշտ, առաւել կամ նուազ ելեւէջներով, շարժերով եւ արձագանգներով, որովհետեւ, անոնց ներքին եւ արտաքին ծալքերուն մէջ, կը գտնուին «գաղտնիք»ները պատմութեան ու մարդկութեան, առընչուած իւրաքանչիւրին գոյութեան եւ յարատեւութեան։

Այս է պատճառը, որ ԳՐԱՒՈՐ պատմութիւնը, ունի լոյսի ու կենդանութեան յատկութիւններ, իսկ ատոնք, կ’արժեւորուին ու կը գնահատուին բազմաթիւ երանգներով, շղարշներով ու վարկերով։

Որեւէ պատմութիւն, իր պատմագրութեամբ, պատմածէսութեամբ, պատմադրոշմութեամբ, պատմագործութեամբ ու պատմանշութեամբ, թանկագին գանձ մըն է՝ ծանօթանալու, մերձենալու, շփուելու եւ յարաբերելու, տուեալ ժողովուրդներու ամբողջական համայնապատկերներուն հետ, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց զարգացումները, բնորոշումները, ուրուագծումներն ու յատկանշումները։

Արդէն, պատմութիւնները կը կերտուին, կը խմորուին, կ’աճին եւ կը տարածուին, համարեա այս սկզբունքներով, փաստօրէն, օրինակ դառնալով մէկը միւսին, անոնք ըլլան ժողովուրդներ, հասարակութիւններ թէ ազգայնականութիւններ, ընդհուպ՝ լայնածիր տեղամասերու շերտերու հիւսուածքներով։

Այսպէս թէ այնպէս, աշխարհը, եթէ կազմուած է բնակիչներու զանգուածներով, բնական է, որ անոնք ունենան իրենց անցեալի ու ներկայի, թէկուզեւ ապագայի (հաւանական) պատմութիւնները, որոնք կը պարզեն՝ գործօն, ազդեցիկ թէ կենարար իրականութիւններ։

***

Այս չափանիշներով, եթէ հայ ժողովուրդի պատմութեան համապարփակութիւնը լուսարձակի տակ առնենք, հոն պիտի տեսնենք ու զգանք, թէ՝ որքա՜ն հարուստ, բազմերես, խայտաբղէտ եւ առանձնաշնորհեալ եղած է ան, իր ծնունդէն սկսեալ մինչեւ այն ժամանակները, երբ ան ապրած է, իր լաւ ու վատ պահերով, իր տխուր ու բիրտ բախումներով եւ, առ հասարակ, այն սարսափելի եւ այլանդակ պայմաններով, որոնք կրնային զինք խեղդամահ ընել, անճիտել, անգօսնել, ոչնչացնել ու մոխրացնել, բայց, այդ բոլորը չկրցան զինք ընկճել, անշքացնել ու ձուլել, շնորհիւ, իր աննկուն կամքին եւ անխորտակելի վճռակամութեան։

Հետեւաբար, 1700 տարուան պատմութիւն մը, իր ահաւորութեամբ, վայրագութեամբ, բռնապետութեամբ ու ճնշուածութեամբ, երբեք չամլացաւ, այլ՝ մնաց կանգուն, յանուն իր պատմութեան իւրօրինակութեան, անգտանելիութեան, բազմակերտութեան, որոնց կու գային միանալու, հայ ժողովուրդին, գիրի ու գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ճախրանքներն ու բարգաւաճումները, որոնք զինք դասեցին համախորհրդային պատմութեան բեւեռներու բարձրունքներուն վրայ։

Պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, անկախաբար, իր հայկական համատարած բարենշութիւններէն, այսօր, աշխարհի մէջ, ունի իր ուրոյն եւ յարգելապաշտ տեղն ու դիրքը։

Հայ ժողովուրդին վիճակուած տխուր ու տեղահանեալ ճակատագիրը, իր ցեղասպանութեամբ ու տարագրութեամբ, հակառակ իր ստեղծած անմարդկային ու բարբարոսական հետեւանքներուն, պատճառ չդարձաւ, որ ինք քարտէսներէն ջնջուի կամ վերացուի, ընդհակառակը, ան մնաց պատնէշներու վրայ, իր գոյութենամարտը մղելով եւ... յաջողեցաւ։

Այսօր, եթէ կայ մայր-Հայաստան (թէկուզ՝ իր վիրաւոր դրուածքով), կայ համատարած Սփիւռք (թէկուզ՝ իր տարղտղնեալ վիճակով), բայց, հայ ժողովուրդը վերածնաւ ու վերապրեցաւ, եօթանասունամեայ խորհրդային Հայաստանով ու սփիւռքացած հայութեամբ, որոնք, շարունակեցին լիցքաւորել ու սնել իրենց զաւակները, այն կեցավայրերէն, ուր վերապրեցան, հայապահպանեցին ու վերակերտեցին «մնացորդաց»ի եթուղին, որպէսզի ան մնայ իր արմատներուն ժառանգորդն ու կրողը։

Իսկ «ելից»ը դիւրին չեղաւ, այլ՝ բազում զոհողութիւններու ու նկրտումներու գնով, պարզապէս հայը չմնալու համար զրկուած իր ակունքներն, որուն լիակատար գիտակցութիւնը ու կառչածութիւնը կար բոլորին մօտ։

Սփիւռքի գոյութիւնը, իբր պատմութիւն եւ եղելութիւն, իր մէջ շա՜տ բան կը պարունակէր, սակայն, կարեւորը այն էր, որ «մնացորդաց»ը ինչպէ՜ս պիտի կարենար տէր կանգնիլ այդ բոլորին ու հայութիւնը կապէր իր ինքնութեան։

***

Այս կարճ, այլապէս ալ՝ անմիջական մուտքը, պարզապէս ցոյց տալու կամ ընդգծելու, թէ ներկայիս, սփիւռքահայ պատմութիւնները ո՞ւր կը գտնուին, աւելի ճիշդ, կա՞ն անոր ԱՐԴԻԱԿԱՆ պատմութիւնները, թէ՞ ամէն ինչ ձգուած է «անորոշութեան», լաւագոյն պարագային, կիսատ-պռատ հանգոյցներով, եւ կամ՝ ոչ-համապատասխան արժեւորումներով, որոնց մասին պէտք է խստօրէն ու բծախնդրօրէն անդրադառնան, մասնագէտներ թէ փորձագէտներ։

Այս առումով, մեր ձեռքին հրամցուեցաւ հոյակապ, ու բացառիկ, շքեղ ու բովանդակալից հատոր մը, որ կը կոչուէր.

ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
1991-2021 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
(Երեւան – 2025)

որուն հեղինակն է՝ սփիւռքահայ հայրենաւարտ բանասէր, հրապարակագիր, ազգային գործիչ ու վաստակաւոր մտաւորական՝

ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆը

Ահաւասիկ գնահատելի եւ արժեւորելի անհատական նախաձեռնութիւն մը, որ լոյսին եկած է, անկախ Հայաստանի մէջ եւ, ինչ որ, ուշագրաւ է, անիկա նուիրուած է ՀԲԸ Միութեան տասնամեայ հայաստանեան գործունէութեան։

Այս եզակի հատորը, պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն հեղինակին, այլեւ՝ Հայաստանի ՀԲԸ Միութեան ղեկավարութեան, որոնք իրենց ջանադիր հոգատարութեամբ, հովանաւորութեամբ ու զօրակցութեամբ, նման պատուաբեր իրագործում մը յաջողցուցած են, որոնց պէտք է շնորհաւորել ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթել։

***

Հատորը կը սկսի «ՀԸԲՄի մասին» շինիչ մուտքով, ապա, «Երկու խօսք»ով՝ հեղինակին, ինքնին շահեկան ու տպաւորիչ նշումներով։

Այնուհետեւ, հատորը յաջորդաբար, իր գլուխներով ու բաժանումներով, ինչպէս՝ «Նախապատմութիւն» (էջ 10), եւ ընդհանրապէս ՀԲԸ Միութեան տասը տարուան բեղուն եւ արգասաբեր գործունէութեան շարան մըն է, որ ինքնին ցոյց կու տայ, թէ Յովիկը ԼՈՒՐՋ ու հետեւողական պատմութիւնը շարադասած է ՀԲԸՄի գործունէութեան, նոյնինքն Հայաստանի մէջ։

Վստահաբար իր տեսակին մէջ, եզակի գործ մըն է, որ հրամցուած է ընթերցողին, ՀԲԸ Միութեան ազգամեծար ու հայրենաշէն ներդրումներուն ու նպաստենրուն շողերգները ցուցակագրելով, դրուատելով եւ յայտագրելով։

Անշուշտ, յօդուածի մը սահմաններուն մէջ, այս գիրքին արժանաւորութիւնը դատելը հեռու կրնայ ըլլալ իր իսկական արժէքը թուելէն, այդուհանդերձ, ան կը մնայ, իր տեսակին մէջ, իրօք, ոչ միայն վաւերականութիւն մը ու յիշատագրութիւն մը, այլեւ՝ ՀԲԸ Միութեան նորակերտ ժամանակաշրջանին մէջ, փայլուն եւ ողջունելի հրատարակութիւն մը։

***

Հետեւաբար, այս հատորը, լոկ պատմագրութիւն չէ, ոչ ալ պարզ շարագրութիւն, այլ՝ ՊԱՏՄԱԳԻՏԱԿԱՆ բովանդակութեամբ, արժանիքներով, ցանկագրութիւններով, բազմաբնոյթ ծրագիրներու արձանագրութիւններով (բարերական, կրթական, մարդասիրական, ընկերային, մշակութային, գիտական, առողջապահական, երիտասարդական, Արցախեան, «թումօ ՀԲԸՄ», հրատարակչական, անուանացանկերով, եւայլն), որոնք բոլորն ալ կը յուշեն, այլեւ կը հաստատեն, թէ այս գիրքը իսկական ԾՆՈՒՆԴ մըն է ՀԲԸ Միութեան, այս անգամ՝ հայրենական հողին վրայ, որուն համար, շնորհաւորելի են բոլոր անոնք, որոնք զայն հրապարակեցին, գլխաւորութեամբ ամբողջակա0ն նուիրեալ՝ Յովիկ Էօրտեքեանի, յուսալով, որ անոր այս պատուաբեր գործին կը յաջորդեն, նորանոր հատորներ։

***

Այս գրութիւնը (որ ինծի համար առաջինը չէ), յիշեցում մըն է (առ որ անկ է), որ իւրաքանչիւր գաղութ կամ շրջանակ, պարտաւոր է իր պատմութիւնը գրելու... այսօ՛ր, եւ ոչ վաղը, որ կրնայ ուշ ըլլալ, մանաւանդ որ՝ մենք այդ ուղղութեամբ ունեցած ենք եւ ունինք հարուստ գիտելիքներու տեղեկագիրներ եւ անսահման յուշեր եւ, չմոռնա՛լ, երբեք չշրջանցել, զանոնք կենդանացնելը միայն անհատներու գործ չէ, այլ՝ պատասխանատու մարմիններու, հովանաւորական ու նիւթական շօշափելի մասնակցութիւններով ու տնօրինումներով, այլապէս ամէն ինչ կրնայ... շոգիանալ։

 

Պարոյր Աղպաշեան
(Պէյրութ)