Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի «Վահագն Վիշապաքաղի Արկածները» վիպակը, որուն մէջ ներդաշնակօրէն կը միաձուլուին իրականութիւնն ու առեղծուածը, թարգմանուած է արաբերէնի ։ Հատորը արաբերէնի թարգմանած է սուրիահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեան։
Գիրքը լոյս տեսած է Դամասկոսի մէջ՝ «Տար ալ-Հիլալ» հրատարակչատան կողմէ, ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզմնամարզի նախարարութեան «Հայ գրականութիւնը՝ թարգմանութիւններով» ծրագիրի շրջանակին մէջ։
«Հայ գրողներու գործերը յաճախ կը թարգմանուին արաբերէնի եւ կը ներկայացուին արաբ ընթերցողին։ Ասիկա Միլիտոնեանի երկրորդ գիրքն է, որ արաբերէն թարգմանուած է։ Երկու գիրքերն ալ լոյս տեսած են Դամասկոսի մէջ։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրած հայ մտաւորականութիւնը իր ներկայութեամբ մեծ դեր ունեցած է գրական կեանքի զարգացման մէջ։ Արաբ գրական եւ մշակութային հասարակութիւնը միշտ գնահատած եւ արժեւորած է հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը»,– կը նշէ Գաբոյեան։
Միլիտոնեանի խօսքով՝ «Վահագն Վիշապաքաղի Արկածները» արձակ գործը շատ հետաքրքրական նիւթ ունի։ Ըստ առասպելի՝ Վահագնը, որպէս քաջ որսորդ, կը մարտնչի չար ուժերը մարմնաւորող վիշապներուն դէմ, որուն համար ալ ան ստացած է Վիշապաքաղ մականունը։
Միլիտոնեան չէ գրած առասպելին մէջ եղածը, այլ նոր նիւթ մը յօրինած է։ «Ասիկա աստուածային վէպ մըն է, իսկ աստուածները միշտ կը հետաքրքրեն երեխաներն ու պատանիները։ Գրելու ոճն ալ շատ կը կարեւորեմ. արձակին մէջ հումորով կը նկարագրուին բազմաթիւ հետաքրքրական դէպքեր, որոնք տեղի կ՚ունենան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Վահագնը նաեւ Եգիպտոս կ՚այցելէ, ուստի գիրքը արաբերէն թարգմանութեամբ կրնայ հետաքրքրել նաեւ եգիպտացի երեխաները։ Հին աշխարհը իր երկիրներով ամբողջութեամբ ընդգրկուած է գիրքին մէջ»,– կը պատմէ գրողը։
Մի քանի տարի առաջ Տիգրան Գաբոյեան արաբերէն թարգմանած էր նաեւ Միլիտոնեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ «Այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ արծարծուած են նաեւ արաբական թեմաներ։ Երեւանի Սարի Թաղ շրջանին մէջ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն հայրենադարձներ շատ կային։ Անոնք շատ կը պատմէին այդ երկիրներուն մասին, եւ այդ պատմութիւններուն ազդեցութեամբ ծնան շարք մը բանաստեղծութիւններ՝ արաբական թեմաներով»,– կը շեշտէ հեղինակը, որ բազմիցս այցելած է Հալէպ, Դամասկոս եւ շատ լաւ կը պատկերացնէ այնտեղ ապրող հայերու կեանքը։
«Վահագն Վիշապաքաղի Արկածները» Միլիտոնեանի 27-րդ գիրքն է, որ թարգմանուած է օտար լեզուի։ Մինչ արաբերէն թարգմանուիլը, գիրքը լոյս տեսած է ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն, իսկ շուտով պիտի տպագրուի նաեւ պարսկերէն։
Էտուարտ Միլիտոնեանի համոզմամբ՝ մանկապատանեկան գրականութիւնը աշխարհով մէկ մեծ պահանջարկ ունի եւ հնարաւորութիւն կու տայ ներկայացնելու տուեալ երկիրը՝ այս պարագային Հայաստանը՝ իր աշխարհագրութեամբ, աւանդութիւններով, հասարակութեամբ եւ ինքնատիպութեամբ։