Արարատի մարզին մէջ, դաժան ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. Երէ ժամը 17:30-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Արտաշատի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Դուրեան փողոցի շէնքերէն մէկուն բնակարան, ուր յայտնաբերած են երեխայի դի:
Ոստիկանները նշուած շէնքի բնակարաններէն մէկուն ննջասենեակին մէջ յայտնաբերած են 13-ամեայ տղայի դի: Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ երեխան յայտնաբերուած է ննջասենեակին մէջ տեղադրուած երկյարկանի մահճակալէն կախուած վիճակի մէջ:
Փաստի առթիւ քննչական բաժնին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: Տեղի ունեցածը ինքնասպանութիւն է, թէ դժբախտ պատահար՝ կը պարզուի: