image

Արտաշ Ռշտունիի յիշատակին

Արտաշ Ռշտունիի յիշատակին

Ան իր լռակեաց ու համբերատար նկարագրով դիմադրեց նաեւ կեանքի իրեն վիճակուած դառն ճակատագրին եւ շատ տառապեցաւ իր կողակիցին հիւամդութեամբ, ինչպէս նաեւ բախեցաւ շատ մը դժուարութիւններու, սակայն միշտ մնաց դաշնակցական անհատի վայել քաջութեան ու գաղափարականութեան բարձունքին վրայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի նուիրեալ ընկեր:

 

Քառասուն օրեր առաջ «Թեհլիրեան» եւ «Իշխան» կոմիտէութիւնները հրաժեշտ տուին խոնարհ ու նուիրեալ դաշնակցական ընկեր Արտաշ Ռշտունիին: Դաշնակցութեան մէջ միշտ ալ կան գործեր ու պարտականութիւններ, որոնց մասին հասկնալիօրէն շատ բան չէ գրուած ու պիտի չգրուի, եւ այդ աշխատանքի հեղինակները լռութեամբ, համեստութեամբ եւ կարգապահութեամբ կը շարունակեն իրենց կեանքը:  Ընկեր Արտաշի կուսակցական կենսագրութիւնը հարազատ է այս հաստատումին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք ընկեր Արտաշ գտնուեցաւ պատնէշի առաջին դիրքերու վրայ եւ իր կեանքի գնով լծուեցաւ հայութեան ու հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրական գործին: Մեր շրջանի` «Թեհլիրեան»-ի, «Էհրամճեան» դպրոցի պահակակեդրոնի խմբապետներէն էր եւ իր գործը կը կատարէր ամենայն պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ու գոհունակութեամբ:

1978-ին միասնաբար տուինք դաշնակցականի մեր երդումը եւ անկէ ետք երկար տարիներ դարձանք գործակից միշտ ալ վայելեցի անոր ընկերական ջերմութիւնն ու անկեղծութիւնը: Անոր համար ժողովուրդին ծառայելու ու անոր պաշտպանը հանդիսանալու գործը գերագոյն արժէքներ են եւ իր ստանձնած պաշտպանութեան գործի կողքին շատ յաճախ կը հասնէր նաեւ հայաշատ այլ շրջաններու կենցաղային կարիքներուն` մինչեւ Թրիփոլի դեղորայք եւ հաց հասցնելու:

Շրջան մը նաեւ ստանձնեց կուսակցական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ Այնճարի մէջ գոյութիւն ունեցող ագարակի պատասխանատուութիւնը:

Ան իր լռակեաց ու համբերատար նկարագրով դիմադրեց նաեւ կեանքի իրեն վիճակուած դառն ճակատագրին եւ շատ տառապեցաւ իր կողակիցին հիւամդութեամբ, ինչպէս նաեւ բախեցաւ շատ մը դժուարութիւններու, սակայն միշտ մնաց դաշնակցական անհատի վայել քաջութեան ու գաղափարականութեան բարձունքին վրայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի նուիրեալ ընկեր:

 

Սգակիր ընկեր մը։

 

 Նիւթը՝ «Ազդակ»էն