image

Գրիգոր Գապագեանի յիշատակին

Գրիգոր Գապագեանի յիշատակին

Հետաքրքրական էր նաեւ պարոն Գապագեանին ասպարէզը: Սիսի մէջ ո՛չ գետնայարկ, ո՛չ ալ առաջին յարկ, այլ միջնայարկ կառոյցի մը մէջ ունէր իր աշխատանոցը, իբրեւ օգնական ունէր Ժանեթ Կիցինեանը: Առաւօտները այդ աշխատանոցը հանդիպման վայրի կը վերածուէր: «Ազդակ»-ը ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէր հոն: Ազգային, լիբանանեան, թաղային եւ միջազգային բոլոր նիւթերը զրոյցի ու քննարկումի նիւթ կը դառնային: Աշխատանոցը յատուկ եկեղեցական զգեստներ պատրաստելու վայր էր, այդ պատճառով ալ հոգեւորականներ կը յաճախէին հոն` Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, ամերիկաներէն, եւ շատ յաճախ հանդիպումները ճաշի ու երկար, մտերմիկ զրոյցներու կը վերածուէին:

 

1996-ին, երբ Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնեցի, աշխատանքի փոխանցման առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ներկայութեան Երուանդ Տեմիրճեանին, որ օրին Ուսումնական խորհուրդի գործավարն էր: Հոգաբարձութեան հետ հանդիպումին ներկայ էին թաղականութիւնը եւ հոգաբարձուները լրիւ կազմով, որուն մէջ էր նաեւ Գրիգոր Գապագեանը: Օրին ինծի համար այդ միջավայրը բոլորին անծանօթ էր, ուստի մտահոգ էի, թէ ինչպէ՛ս պիտի աշխատիմ, մանաւանդ որ Անդրանիկ Մսըրլեանը, որ այս պաշտօնը ստանձնելու զիս քաջալերողներէն մէկն էր,  զգուշացուց, որ սիսեցիներուն հետ աշխատիլը այդքան ալ դիւրին չէ:

Բայց արդարօրէն պէտք է ըսեմ, որ հոգաբարձութեան մէջ Գրիգոր Գապագեանին ներկայութիւնը մեծ դեր ունեցաւ` Նոր Սիսը եւ սիսեցիները ճանչնալու առումով:

Պարոն Գրիգոր ժպտադէմ, հանդարտաբարոյ, ազնիւ, մաքուր եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն մըն էր: Ամբողջ հինգ տարիներ լաւ գործակից եղաւ ինծի, եւ թէ՛ թաղային, թէ՛ հայրենակցական եւ մանաւանդ եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ կապերու իմաստով անոր անկեղծ, անմիջական, պարզ եւ թափանցիկ ոճը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ:

Վստահ եմ, որ մեր ազգային վարժարաններուն, մանաւանդ թաղային վարժարաններուն մէջ պարոն Գապագեանին նման տիպարներ շատ եղած ու ծառայած են` հաւատք ունենալով եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգին նկատմամբ:

Հետաքրքրական էր նաեւ պարոն Գապագեանին ասպարէզը: Սիսի մէջ ո՛չ գետնայարկ, ո՛չ ալ առաջին յարկ, այլ միջնայարկ կառոյցի մը մէջ ունէր իր աշխատանոցը, իբրեւ օգնական ունէր Ժանեթ Կիցինեանը: Առաւօտները այդ աշխատանոցը հանդիպման վայրի կը վերածուէր: «Ազդակ»-ը ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէր հոն: Ազգային, լիբանանեան, թաղային եւ միջազգային բոլոր նիւթերը զրոյցի ու քննարկումի նիւթ կը դառնային: Աշխատանոցը յատուկ եկեղեցական զգեստներ պատրաստելու վայր էր, այդ պատճառով ալ հոգեւորականներ կը յաճախէին հոն` Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, ամերիկաներէն, եւ շատ յաճախ հանդիպումները ճաշի ու երկար, մտերմիկ զրոյցներու կը վերածուէին:

Այդ բոլորէն անդին` պարոն Գապագեան լաւ ամուսին էր, լաւ հայր եւ աւելի ուշ` սիրուած ու փնտռուած մեծ հայր:

Իր այդ համեստ պայմաններով իր չորս զաւակներուն ալ ապահովեց բարձր ուսում, մասնակից դարձուց ազգային, մշակութային, կրթական կեանքին եւ իր աղուոր ժպիտով գոհունակ ու ինքնաբաւ համեստ զգացումներ ապրեցաւ:

Իրականութիւն է, որ լաւ հայ, լաւ մարդ, լաւ սիսեցի եւ մանաւանդ լաւ քրիստոնեայ ապրեցաւ պարոն Գապագեանը:

Իր յիշատակին արձանագրուած այս տողերը իբրեւ անկեղծ ծաղկեպսակ թող նկատուին, եւ մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ պարոն Գապագեանի լաւ մարդու տիպարը անմար թող մնայ:

Յակոբ Լատոյեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն