Ծննդեան 60 Եւ Նահատակութեան 35-Ամեակ. Արագածի Ծնունդ Եղիկ Գայայեանի Յիշատակին (Գաղափարանուէր Տղոց Կարօտով)
Խօսքը կը վերաբերի Պուրճ Համուտի Արագածի շրջանին, որ աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն մը ունի իր շալակին: Փաստօրէն, հայահոծ շրջան մը, որ կազմաւորուած է յետ Եղեռնի, մանաւանդ` Կիլիկիոյ պարպումէն ետք:
Արդար է նշել, որ այս շրջանը բաղկացնող թաղերը շէնցած են շնորհիւ այն սերունդին, որ հազիւ կրցած էր ճողոպրիլ թուրքին եաթաղանէն: Անոնք` մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, կազմած էին ընտանիք, կառուցած հայրենակցական միութիւն, դպրոց ու եկեղեցի, ակումբ ու բարեսիրական միութիւններ, որոնք, իրենց կարգին, նպաստած էին, որ շրջակայ թաղամասերը պարուրուին հայաբոյր մթնոլորտով ու ազգային շունչով:
Ահաւասիկ այս շրջանի զաւակն էր Եղիկ Գայայեան, որ ծնած էր բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ: Եղիկ կը պատկանէր երրորդ սերունդին, որ լսած էր հայութեան գողգոթային, հաւաքական տառապանքին, հայրենիքի կորուստին եւ օտար հողի վրայ ապրելու դառն ճակատագիրին մասին:
1964-ի ծնունդ Եղիկը փոքր տարիքին կը կորսնցնէ հայրն ու մայրը: Ան կը յաճախէ երբեմնի Ազգ. Արամեան վարժարանը, ուրկէ թերաւարտ, կը նետուի գործի ասպարէզ:
1975-ին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով, դժուարին օրեր կ՛ապրին հայահոծ շրջանները, երբ կոյր ռմբակոծումներու թիրախ կը դառնան բոլոր թաղամասերը: Ստեղծուած կացութեան դէմ յանդիման, ինչպէս այլ շրջաններ, այս պարագային Արագածի շրջանը` իր թիկունքին ունենալով ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը, կը լծուէր կազմակերպական աշխատանքի, ինքնապաշտպանութենէն մինչեւ հացի ու ջուրի մատակարարում, հայութեան անվտանգութեան ապահովում, կառոյցներու թէ ինչքի պաշտպանութիւն:
Իբրեւ պատանիներ, Եղիկին ու իրեն տարեկիցներուն համար պատերազմը եղաւ տեսակ մը կարմիր մկրտութիւն` փափուկ կեանքին առընթեր նաեւ ճաշակելու սոսկալի պատերազմին դառնութիւնը: Երիտասարդականի սեմին Եղիկ կ՛անդամակցի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի շարքերը` մաս կազմելով «Արաբօ» մասնաճիւղին:
Եղիկ Գայայեանի կեանքին անկիւնադարձը կը հանդիսանայ 1982 թուականը, երբ կ՛առեւանգուի ընկ. Աբօ Աշճեան: Եղիկի գրառումներուն մէջ մենք կը հանդիպինք հետեւեալ սրտագրաւ տողերուն. «Աբօ Աշճեանի առեւանգումին յաջորդող օրերուն տեղի կ՛ունենային դասադուլ, գործադուլ եւ բողոքի ցոյցեր: Առաջին ցոյցին ներկայ էի իբրեւ մասնակից: Սակայն այդ ցոյցի մասնակցութիւնս փոխեց ամբողջ կեանքս: Հոն էր, որ զգացի, թէ ես ալ «պարտք» մը ունէի տալիք ազգիս: Հոն մէջս արթնցաւ վրէժի զգացում թուրքին հանդէպ: Եւ այդ օրէն սկսեալ որոշեցի ծառայել ազգիս` ի հարկին մահուանս գնով: Եւ այդ նպատակին տանող միակ ճամբան գտայ անդամագրուելով ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Տասնութ տարեկան էի: Շատ ոգեւորուած էի ազգային հարցերով»:
Փաստօրէն, Եղիկի երիտասարդականի շարքերը անդամագրումով, կը սկսի աշտարակուիլ գաղափարականի իր աշխարհը: Իբրեւ անյագ ընթերցասէր, շուտով կը լիցքաւորէ իր հոգին ու միտքը, կը ծանօթանայ հայ գիր ու գրականութեան, կ՛ընթերցէ հայ յեղափոխութեան մասնակից անձնուրաց ֆետայի տիպարներու կեանքը, կը յափշտակուի ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեամբ, կը դառնայ երկրպագուն` հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած հերոսներուն` Արամին, Անդրանիկին, Դրոյին, Նիկոլ Դումանին, Գարեգին Նժդեհին ու այլոց, որոնք մինչեւ իր նահատակութիւնը կը մնան ներշնչումի աղբիւր եւ խիզախութեան խորհրդանիշեր:
Ան շուտով կը ստանձնէ կրտսեր պատանիներու վարիչի պարտականութիւնը, զիրենք կը համակէ ազգային ու գաղափարական շունչով` օրինակ դառնալով իր շրջապատին:
Մարտական ու գաղափարական ոգիով շիկացած Եղիկ չի զլանար կատարել իրեն վստահուած այլ պատասխանատու պարտականութիւններ: Ան, 1986-1987-ին կը գործուղուի արեւմտեան Պէյրութի շրջան, մաս կազմելու տեղւոյն հայ կառոյցներու ապահովական աշխատանքին: Ու այդ գործը կը կատարէ յանձնառութեամբ եւ աչալրջութեամբ: Մինչեւ իր նահատակութիւնը Եղիկ կը մնայ գործի պատնէշին վրայ առանց խտրութեան եւ բարեխղճօրէն կատարելով իր ստանձնած այլազան պարտականութիւնները:
ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ հայ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուիլը Եղիկին համար համոզում եւ հաւատամք էր: Նիկոլ Աղբալեանի ու Գարեգին Նժդեհի մտածումները իւրացնելով` կառուցած էր գաղափարականի իր սեփական տաճարը: Առկայ անտարբերութեան եւ թուլութեան դիմաց անզիջող էր ան եւ յամառօրէն կը պաշտպանէր դաշնակցական աւանդական արժէքները ու ջերմօրէն քաջալեր կը հանդիսանար ամէն աշխատանքի, որ կ՛ընդգրկէր պատասխանատուութեան լուրջ գիտակցութիւն, գաղտնապահութիւն եւ կամքի արտայայտութիւն:
Անվարան կրնանք հաստատել, որ Եղիկ Գայայեան եղաւ այն երիտասարդը, որ կրցաւ մարմնաւորել դաշնակցականի տիպարը: Աւելի՛ն. ան իր կենդանի կեանքով ու ողջ աշխատանքով ցոյց տուաւ իր բացառիկ ունակութիւնը, նախ սնուցելու ինքզինք, ապա` իր շրջապատը, որով կրցաւ վաստկիլ ընկերական շրջապատին յարգանքը, սէրն ու վստահութիւնը: Ան ունէր բացառիկ նկարագիր, որ կը յատկանշուէր կամքի զօրութեամբ եւ ամէնէն դժուար պահերուն իսկ քաջութիւն ցուցաբերելու համակ կարողութեամբ:
Խօսքի, մտածումի եւ գործի մէջ ժուժկալ երիտասարդ մըն էր ան: Մահէն չվախցող ու դէպի մահուան ճիրանները սլացող դաշնակցական տղան էր, որ երբեք իր արիւնը չսակարկեց, այլ նետուեցաւ պայքարի դաշտ, մոռացութեան տալով ամէն ինչ` ընտանիք, երիտասարդական տարիք ու կեանքի հանգստութիւն:
Պարթեւահասակ եւ հուժկու կազմաւորումով դաշնակցական Եղիկ Գայայեան ոչ մէկ ատեն ու առիթի ցոյց տուաւ ընկրկումի նշաններ: Ինքնավստահութիւնը համարելով բացառիկ զէնք ու արժէք, խրախուսեց իր շրջապատը, մանաւանդ` իր անմիջական ընկերները:
Ան օժտուած էր այնպիսի առանձնայատկութեամբ, որ հազուագիւտ անհատներու վերապահուած է մարդկային կեանքի մէջ: Ան ծայրայեղ ընկերասէր մըն էր, որ անմնացորդ կը նուիրուէր յանուն ընկերոջ անվտանգութեան, ուրախութեան եւ հանգիստին: Փաստօրէն, Եղիկ Գայայեան ունեցաւ անանձնական կեանք, ցուցաբերեց համակ սէր ու յարգանք բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը զատորոշուէին իրենց գաղափարականի աշխարհով եւ դաշնակցականի նկարագրային բարեմասնութեամբ:
Քսանամեայ Եղիկի կեանքին մէջ անկիւնադարձ մը եղաւ նաեւ իր սիրոյ հեքիաթը, երբ ան հանդիպեցաւ Ծովինարին եւ անոր սիրահարեցաւ: Իր անմիջական ընկերները կը վկայեն, որ Եղիկ` պահ մը մոռացութեան տալով իր դժուարութիւնները, կարծես, նոր կը ծնէր: Ծովինար իր աչքերով կախարդած էր զինք ու գրաւած Եղիկի սիրտն ու հոգին: Հակառակ Եղիկին ծանրաբեռնուածութիւնը` կուսակցական գործով, ան ժամանակ կը գտնէր խօսելու, զրուցելու եւ իր մաքրամաքուր զգացումները յայտնելու իր սիրուհիին: Դժբախտաբար, սիրոյ այս հեքիաթը երկար պիտի չտեւէր, որովհետեւ Ծովինար, օրերէն մին, իմաց կու տար Արագածի մեր տղուն, որ հանդերձ ընտանեօք պիտի ճամբորդեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Եղիկ Գայայեան, որ նետուած էր կեանքի ասպարէզ` հաստատելով իր ատամնաշարի սեփական աշխատանոցը, Ծովինարի բացակայութիւնը ծանր ու դաժան տարաւ: Հակառակ անոր որ ոգի ի բռին աշխատեցաւ եւ ամէն միջոցի դիմեց հասնելու իր կեանքի սիրուհիին, այդուհանդերձ, կեանքի դռները փակ մնացին այս երիտասարդին դիմաց` զինք մատնելով խոր մտատանջութեան եւ հոգելլկումի:
Աշխուժ, եռանդոտ, քաջասիրտ, կորովի, խիզախ եւ յուսահատութեան դէմ իր պայքարի դրօշը պարզած մեր ընկերոջ համար կեանքը այլեւս իմաստ չունէր կարծես: Տակաւ սկսաւ անոր դէմքին վրայ ի յայտ գալ տիրապետող տխրութիւնը, որմէ չկրցաւ ձերբազատիլ մինչեւ իր նահատակութիւնը: Իր անմիջական ընկերները անկարելին ըրին, որ թեթեւցնեն Եղիկի ցաւը, ի զուր անցան բոլոր փորձերն ու յորդորները:
Եղիկին սէրը մնաց անհասանելի, հեքիաթային ու մաքրամաքուր ինչպէս էին անոր սիրտն ու հոգին, որոնք հրաժեշտ տուին այս աշխարհին` տառապանքով լիացած ու երազներով բաբախուն:
3 ապրիլ 1989:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերէն մէկն էր: Այդ երեկոյ ռմբակոծումը կարծես իր վրէժը կը լուծէր` յագուրդ տալով իր արեան ծարաւին: Սարսափելի վիճակի մատնուած էին հայահոծ շրջանները, մահ ու աւեր սփռող ռումբերը կը հալածէին մեզ ամէնուրեք, ժողովուրդը ապաստանարաններու մէջ ծուարած կը սպասէր յաջորդ օրուան արեամբ թաթախուած արշալոյսին:
Իր ժողովուրդին ու շրջանին ծառայութեան կոչուած դաշնակցական երիտասարդութիւնը, ունենալով երէց սերունդի հաւատաւոր ընկերներու աջակցութիւնը, արիութեամբ ու զոհողութեամբ հոգեզինուած իր մատղաշ կեանքը կը նուիրաբերէր յանուն շրջանի ժողովուրդին օգնութեան եւ պաշտպանութեան:
Արագածի շրջանը այդ օր ուղղակի թիրախ էր դարձեր սարսափազդու հրթիռներու տարափին: Ռումբերը աջ ու ահեակ կը հարուածէին համեստ կառոյց ունեցող բնակարանները. կային հայ զոհեր ու վիրաւորներ:
Եղիկ Գայայեան շտապ օգնութեան կանչեր լսելով ակումբէն դուրս կու գայ եւ կ՛ուղղուի հայ ընտանիքի մը վիրաւոր անդամներու օգնութեան: Տակաւին չհասած, Եղիկ իր սրտէն կը ստանայ յաջորդ պայթած հրթիռին մէկ բեկորը: Ան կը վերադառնայ ակումբ, կը յանձնէ իր փամփշտարգելն ու ատրճանակը եւ կ՛իյնայ գետին` առյաւէտ փակելով իր այնքան յոգնած աչքերը:
Հազիւ 25 գարուն ապրած Եղիկ Գայայեան կը դառնար յաւերժի ճամբորդ` իր դաշնակցականի երդումին տիրութիւն ընելով: Եղիկ իր ողջուց ապրեցաւ այնպիսի կեանք, որ շատ քիչերու վերապահուած է: Հայու առնական ոգիով եւ դաշնակցականի հաւատամքով պարուրուած Եղիկ, մանաւանդ դաշնակցական երիտասարդութեան յիշողութեան մէջ պիտի մնայ այն հերոսը, որ ապրեցաւ սկզբունքայնութեամբ, գործեց լուռ եւ հաւատարմօրէն ու նահատակուեցաւ քաջաբար:
Կարմիր վարդեր շիրիմիդ, սիրելի՛ Եղիկ:
Բի՛ւր յարգանք յիշատակիդ:
Նիւթի հեղինակ՝ Համբիկ Պիլալեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն