Կարգադրութեամբ եւ տնօրինումով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին վերջին տարիներուն Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի օգնական եպիսկոպոսի պաշտօնը հանգամանաւոր կերպով կատարելէ ետք մեր բոլորին կողմէ յարգուած եւ նուիրահան հոգեւորական Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան կոչուած է նոր պաշտօնի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։
Կը նշուի, որ այսուհետեւ Գերապայծառը պիտի ծառայէ Սուրիոյ մէջ դառնալով Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ։
Հանդարտաբարոյ, պարզութեամբ փայլող եւ հաւատքի մէջ անսասան Գերապայծառը նուիրական ճանապարհ մը կտրած է Հայ Կաթողիկէ համայնքէն ներս։
Ծառայութիւն բերած է տարբեր շրջաններու, այցելած է Հայ Կաթողիկէ ամենատարբեր համայնքներուն, բայց անոր սիրտն ու հոգին միշտ ալ անթեղուած մնացած են Սուրիոյ մէջ, որ է նաեւ Գերապայծառ հօր ծննդավայրը։
Բարի ծառայութիւն կը մաղթենք Գերապայծառին մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ։