Հովուական այցով մը Քեսապ գտնուող Գերպ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան օրերս այցելութիւն տուած է Լաթաքիոյ նահանգապետին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի» դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս կը գրուի ՝
Շաբաթ՝ 27 Օգոստոս 2022-ին, Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան ՝ Ընդհանուր Փոխանորդ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատիարքական Թեմին, ընկերակցութեամբ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի, պաշտօնական այցելութիւններ տուին, Լաթաքիոյ նահանգապետ՝ Պրն. Ամէր Իսմաիլ Հիլալի, Պաաս կուսակցութեան պետ՝ Պրն. Հայսամ Իսմաիլի եւ Լաթաքիոյ ոստիկանապետ՝ կեներալ Ապտո Գարամի։Այցելութիւններու ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, մասնաւորաբար Քեսապի հայ ժողովուրդի առօրեային հետ առընջուած ընկերային հարցեր եւ անմիջական կարիքներ, որոնց ընդմէջէն Գերապայծառ Տէրը իր շնորհակալական խօսքերը ուղղեց պատասխանատու այս մարմիններուն, Քեսապի ժողովուրդին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բարոյական աջակցութեան համար: