image

Արեւմտեան Թեմը ՝ Առաքելութեան պատնէշին վրայ (Լուսանկար)

   Արեւմտեան Թեմը ՝ Առաքելութեան պատնէշին վրայ (Լուսանկար)


Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ու ձեռնհաս առաջնորդութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին կը շարունակէ իր պատմասլաց  երթը։ 

Առիթը այս նախաբանին օրեր առաջ Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազանի  կողմէ դիմատետրեան էջին գրառումով մը կիսուիլն է, որ կը ներկայացնէր  աւելի քան տարիներ առաջ Թեմին մէջ եկեղեցւոյ շուրջ համաբխմուած հայրենակիցներու աւանդական դարձած դաշտահանդէսի մասին եղած լուսանկարներու երեւումն է։

 Գրառումին մէջ կը նշուի, որ  4 Յուլիս 1927 թուականին եղած դաշտահանդէսը եղած է օրհնութեամբը՝ Արժ Տ. Ատոմ քհնյ. Մելիքեանին  (այդ թուականէն տաս տարի առաջ քահանայ ձեռնադրուած) , որ եղած է թեմի նուիրեալ կրօնաւորներէն մին։

 

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ այդ ժամանակներուն կեդրոնական եկեղեցին կոչուած է Սուրբ Խաչ, որն աւելի ուշ փոխադրուած է քաղաքի «Ատամզ պուլվարտ» հատուածը ՝1940 -ին, իսկ տեղւոյն եկեղեցին, ուր այսօր կը խոյանայ Սուրբ  Յակոբ հոյակերտ  եկեղեցին է։

Նուիրական գործ կը տանի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը, որ  հարուստ է պատմակերտ անցեալով եւ դէպի ապագայ սլացող նուիրական բարձր ոգիով։ 

 

Լուրը համադրաբար՝ Arevelk.am