image

Արեւմտեան Ամերիկայէն ՝գոյժ. Ոչ եւս է Ազգային Բարերար Վահան Շամլեան (Լուսանկար)

  Արեւմտեան Ամերիկայէն ՝գոյժ. Ոչ եւս է Ազգային Բարերար Վահան Շամլեան (Լուսանկար)

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ափի Ազգային Առաջնորդարանէն վերահասու դարձանք, որ Ֆրէզնոյի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Ամերիկայի հայկական համայնքին ու շրջանակներուն մէջ  յարգուած անուն հանդիսացող, ազգային բարերար Վահան Շամլեան։ Թեմակալ Առաջնորդը, Թեմը, Լոս Անճելըսի մէջ գործող եւ բարերարի անունը կրող «Շամլեան» վարժարանի  տնօրէնութիւնը, Ազգային վարժարաններու  խնամակալ մարմինը, ինչպէս նաեւ տեղի կուսակցական մարմինները այս առթիւ հրապարակած են բօթը գուժող մահագրականներ։ 

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած մահագրականով.

 

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն ազգային բարերար Վահան Շամլեանի մահը, որ պատահեցաւ 11 Օգոստոս 2022ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի մէջ։

Հանգուցեալը իր կեանքին ընթացքին ծաւալած է յոյժ գովելի բարեգործութիւններ՝ յատկապէս Հայաստանի, Արցախի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի զանազան դաշտերու եւ համայնքներու մէջ, մինչ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանը կը մնայ հանգուցեալին բարերար յիշատակը անմահացնող եզակի կոթող:

Վահան Շամլեան 1983ին արժանացած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին՝ ձեռամբ Գարեգին Բ· կաթողիկոսի եւ միշտ վայելած է յարգանքն ու գնահատանքը Արամ Ա. կաթողիկոսի:  

Այս տխուր առիթով, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Անոյշ Շամլեանին, դուստրերուն՝ Քէթիին եւ Մոնիքին ու անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր թոռներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։

Մանրամասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։