image
Հրատապ լուրեր:

Գահիրէ. Լոյս տեսած է Պերճ Թէրզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» խորագրով գրքոյկը

Գահիրէ. Լոյս տեսած է Պերճ Թէրզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» խորագրով գրքոյկը

Գահիրէի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ Պերճ Թէրզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» գրքոյկը, բաղկացած` 44 էջերէ, ուր հեղինակը կ՚անդրադառնայ աշխարհի հայկական դպրոցներու խնդիրներուն՝ ընդգծելով, որ արեւմտահայերէնի վիճակը երթալով կը վատթարանայ, իսկ համազգային ծրագրեր չկան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ գրքոյկի մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գահիրէի մէջ լոյս տեսած է Պերճ Թէրզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» խորագրով գրքոյկը։ Հակառակ իր փոքր ծաւալին, աշխատութիւնը կը կեդրոնանայ սփիւռքահայութեան ամենակարեւոր հրամայականներուն վրայ, լուսարձակի տակ առնելով արեւմտահայերէնի ապագան եւ կրթական հաստատութիւններու ճգնաժամը եւ այս ճամբով՝ ձուլման վտանգը։

Հեղինակը ցաւ ի սիրտ կը մատնանշէ որ սփիւռքեան դպրոցներու մեծ մասը կը գտնուի ծանր պայմաններու տակ. աշակերտութեան թիւը կը պակսի, արեւմտահայերէնի փորձառու ուսուցիչներու թիւը եւս, միաժամանակ դասագիրքերն ալ անհամաչափ են։

«Ամէն մարդ տեղեակ է արեւմտահայերէնի անբաղձալի վիճակէն, սակայն համազգային նախաձեռնութիւն չի որդեգրուիր», կը գրէ Թէրզեան։ Ըստ իրեն, առանց համակարգուած ու միացեալ քաղաքականութեան, անկարելի պիտի ըլլայ փրկել արեւմտահայերէնը։

Հեղինակը կը ներկայացնէ երեք խումբի աշակերտներ՝ ամենօրեայ հայկական վարժարաններու, շաբաթօրեայ դպրոցներու եւ օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու, մանրամասնօրէն բացատրելով որ այս աշակերտները դասաւանդութեան նոյն ծրագրով չեն կրնար արեւմտահայերէն սորվիլ։ Մասնաւորաբար կարեւոր կը նկատէ արեւմտահայերէնի մասնագէտ ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, ընդգծելով որ անոնց բացակայութիւնը այսօր լուրջ արգելք է նուազագոյն յաջողութեան հասնելու տեսակէտէ։

Ան որպէս նախազգուշացում կը ներկայացնէ Եգիպտոսի օրինակը, ուր գաղութը 1960-ականներէն ի վեր կորսնցուցած է իր բնակչութեան մեծ մասը։ «Մենք կ'ապրինք մեր պատմութեան մռայլ շրջաններէն մին», կը գրէ հեղինակը, ահազանգ հնչեցնելով ո՛չ միայն լեզուի, այլ ամբողջ ինքնութեան կորուստի վտանգի մասին։

Իր դիտարկումները ընթերցողին հետ բաժնելէ ետք, Պերճ Թէրզեան խնդրագիր կ'ուղղէ հայաստանեան իշխանութիւններուն, հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներուն, պահանջելով որ միասնական գործնական քայլեր առնուին արեւմտահայերէնը փրկելու համար։

Գրքոյկի վերջին բաժնի մէջ տեղ գտած է նաեւ «Հայեցի դաստիարակութեան վիճակը Եգիպտոսում՝ այսօր» խորագրով զեկուցումը, որով հեղինակը հանդէս եկած էր 2010 թուականին, Ծաղկաձոր քաղաքի մէջ սարքուած Սփիւռք-Հայաստան համաժողովի ընթացքին։ Հոն աւելի մանրամասնօրէն կը նկարագրուին Եգիպտոսի հայկական գաղութի կրթական մարտահրաւէրները։ Թէրզեան արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգները լուսարձակի տակ կը պահէ ո՛չ միայն լեզուաբանի, այլ ազգային գործչի մը հայեացքով։ Կը մատնանշէ կրթական հաստատութիւններու տկարացումը՝ իր ապրած գաղութի, բովանդակ Սփիւռքի տարածքին, կը յիշեցնէ որ լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, այլ ինքնութեան «սիրտ»ը, որովհետեւ հակառակ պարագային ձուլումը անկարելի է կանխել։

Փոքրածաւալ գրքոյկը միայն լեզուի մասին չէ, այլ է՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական ճակատագրի եւ ինքնութեան պահպանութեան հրատապ խնդրի շուրջ հնչած լուրջ ահազանգ մը։