Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան, թեմէն ներս ծառայող հովիւներուն եւ հոգեւորականներուն ուղղուած յանձնարարականով յայտարարած է վերադարձող հոգեւորականի խոստմնալից լուրը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմէն։
1 Դեկտեմբերին, Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ստորագրած էր վաւերագիր մը, վերահաստատելով Տ. Նորայր Գազազեանը իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորական
Ի դէպ այս առթիւ ալ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան կատարած է գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
«Ձեզմէ շատերը կը ճանչնան Տէր Նորայրը, որպէս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ, որ տարիներ առաջ պաշտօնապէս միանալով մեր թեմին, ծառայած է որպէս ծխական եկեղեցւոյ հովիւ, Ճորճիա նահանգի Աթլանթա շրջանին մէջ։ Այդ ողջ ընթացքին, Տէր Նորայրը եղած է վարդապետ, կուսակրօն քահանայ։ Մէկ տարի առաջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ պաշտօնական խորհրդակցութենէ ետք ստացած է Վեհափառին թոյլտւութիւնը՝ թողնելով կուսակրօնութիւնը, ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու համար։ Վերստանալով իր մկրտութեան Հայկ անունը, վերադարձած է աշխարհիկ կեանքին։ Ան ամառուընէ ի վեր կ՚աշխատի Նիւ Եորքի Թեմական կեդրոնին մէջ, ղեկավարելով հայագիտական բաժնի աշխատանքները։
«Ինչպէս նշեցինք, Վեհափառ Հայրապետը, իր ողորմութեամբ վերահաստատեց Տէր Նորայրը որպէս քահանայ եւ հովուական ծառայութեան վերսկսելու հաւանութիւնը տուաւ անոր։ Մենք խորապէս երախտապարտ ենք Վեհափառին, այս առատաձեռն եւ հայրական որոշման համար։
Մեր կողմէ, մենք խորապէս ուրախ ենք Տէր Նորայրին վերահաստատմամբ եւ մեր անկեղծ բարեմաղթանքները կը յայտնենք անոր, իր տիկնոջ՝ Երէցկին Հերմինէին եւ անոնց նորածին դուստրին՝ Սոֆիային։
Որպէս Առաջնորդ՝ Տէր Նորայրը պաշտօնապէս վերստին ընդունած եմ Արեւելեան թեմէն ներս, եւ անհամբեր կը սպասեմ, նոր տարուան մէջ զինք քահանայ նշանակելու մինչ այդ, Սուրբ Վարդան Մայր տաճարին մէջ, 6 Դեկտեմբերին յատուկ արարողութիւն մը կատարեցինք, օրհնելով Տէր Հայրն ու անոր ընտանիքը, մինչ անոնք կը սկսին իրենց ծառայութեան այս խոստումնալից նոր փուլը»:


