Լիբանանի երկրորդ քաղաքացիական պատերազմին (1975-1990) եւ անոր զանազան երեսակներուն շուրջ գրուած են բազմաթիւ հատորներ՝ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով: Հայերէնով գեղարուեստական եւ յուշագրական բազում աշխատութեանց կողքին ամենագիտական, առարկայական եւ համապարփակ աշխատութիւնը, անտարակոյս, արեւելագէտ Լիլիթ Յարութիւնեանի «Լիբանանը 1958-1990 Թուականներին» գիրքն է, որ լոյս տեսած է 2007-ին՝ «Լուսակն» հրատարակչութենէն: 337 էջերէ բաղկացած հատորին լրջութիւնն ու գիտականութիւնը զիս մղեց անձամբ ծանօթանալու գիրքի հեղինակին հետ, այսինքն՝ Հայաստանի ամենահմուտ եւ երիտասարդ լիբանանագէտին հետ:
Երեւանի մայր պողոտաներէն մին անուանակոչուած է Խորհրդային Միութեան հերոս, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի անմեռ յիշատակին: Հոն կը գտնուին պետական գլխաւոր կառոյցները՝ նախագահական նստավայր, Ազգային Ժողով, Երեւանի Ամերիկեան Համալսարան եւ ամենակարեւորը՝ ազգային հպարտութիւն հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան ԳիտութիւններուԱզգային Ակադեմիան: Ակադեմիոյ գլխաւոր շէնքին կից վեր խոյացած են երկու երկնաքեռներ: Մէկուն 11-րդ յարկը յատկացուած է Արեւելագիտութեան Ինստիտուտին: Այս հիմնարկին աւագ եւ կրտսեր գիտաշխատողները կ'ուսումնասիրեն Արեւելքը՝ իր պատմական, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, աշխարհաքաղաքական եւ ժողովրդագրական զարգացումներով: Ինստիտուտը ունի երեք հիմնական բաժիններ՝ թրքագիտական, արաբագիտական եւ իրանագիտական. աւելին, քիւրտերը եւ կովկասեան եղելոյթները, ինչպէս նաեւ իսլամը, ուշադրութեան առարկաները կը մնան Ինստիտուտի աշխատանքներուն համար: Երիտասարդ քատրերով եռեւեփուն այս հիմնարկը լաւատեսութիւն ներշնչող գործօն է հայրենի գիտական միտքին եւ ակադեմականներուն համար:
Արեւելագիտութեան Ինստիտուտը հիմնուած է 1971-ին: Անոր տնօրէնն է Ակադեմիոյ թղթակից անդամ, դոկտ. փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը: Արաբական բաժինի վարիչն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Լիլիթ Յարութիւնեանը: Վերջերս «Արմենփրես» լրատուական գործակալութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած էր Ինստիտուտի տնօրէնին եւ երեք բաժիններուն վարիչներուն հետ: «Արեւելքի Հայ Գիտակների Ինստիտուտը» խորագրեալ ամփոփ ակնարկին մէջ կը գրուի. «Արաբական երկրների բաժնի վարիչ Լիլիթ Յարութիւնեանը սեփական փորձից լաւ գիտի, որ Հայաստանում գիտութեամբ զբաղուելը նուիրեալների գործն է». մինչ անդրադառնալով բաժնի աշխատանքային ոլորտին, ան կը պատասխանէ. «Ընդհանուր առմամբ, մեր բաժնի գործունէութեան մասին ասեմ, որ այն զբաղւում է Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկրների արդի հիմնախնդիրներով: Զբաղւում ենք ինչպէս երկրագիտական թեմաներով, այնպէս էլ միջարաբական եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւնների ուսումնասիրմամբ: Նաեւ մեր բաժնի հետազօտութիւնների մէջ մեծ մաս է կազմում քաղաքական իսլամին վերաբերեալ թեմատիկան: Վերջերս որպէս առանձին թեմա ներառել ենք նաեւ “իսլամն Ատրպէյճանում”»:
Հայաստանի արեւելագիտութեան անդրադառնալ առանց կարգ մը երախտաւորներու անուններ յիշելու, թերի պիտի ըլլար: Ինչ խօսք, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ուսումնասիրման մէջ Եղիա Նաճարեանի եւ Նիկոլայ Յովհաննիսեանի վաստակը անուրանալի է: Վերջինս կը նկատուի նահապետը այս բնագաւառին: Դեռեւս խորհրդային տարիներուն ան իր կշիռն ու խօսքը ունէր միջազգային արեւելագիտութեան ոլորտէն ներս: Աւելին, ան հասցուցած է հոյլ մը ընտիր մասնագէտներ. իրաւամբ, իր ձեռնասուններուն կողմէ կը կոչուի «Մուրշիտ»: Հեղինակն է բազում ուսումնասիրութեանց արեւելեան երկիրներու պատմութեան շուրջ, որոնց շարքին Լիբանանի, Իրանի, Սուրիոյ: Վերջերս նշուեցաւ անոր ծննդեան 85 ամեակը, որուն առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորագիր յղեց երախտաւորին: Դոկտոր փրոֆեսոր Ն. Յովհաննիսեան հեղինակն է նաեւ քառահատորեայ «Արաբական Երկրների Պատմութիւն» հիմնարար աշխատութեան (2007-ին աւարտած անոնց հրատարակութիւնը): Լիբանանի մասնագէտ Լիլիթ Յարութիւնեան կը համարուի արժանաւոր շարունակողը իր ուսուցիչ Ն. Յովհաննիսեանի:
Գալով «Լիբանանը 1958-1990 Թուականներին» հատորին, այն ունի Առաջաբան մը, որ հակիրճ ակնարկ մըն է աշխատութեան նպատակին, հատորին բովանդակութեան եւ օգտագործուած աղբիւրներուն (մամուլ, մենագրութիւններ, հատորներ): Ապա, հինգ գլուխներու մէջ կը ներկայացուի 1958-էն ետք Լիբանանի մէջ արձանագրուած ընկերային-տնտեսական, քաղաքական, ռազմական զարգացումներուն ուրուագիծը, միջ-համայնքային մրցակցութիւնները, շրջանային ուժերու ներազդեցութիւնը լիբանանեան կեանքին վրայ, միջ-արաբական պայքարներուն արձագանգները լիբանանեան հակամարտ կողմերուն մօտ եւ քաղաքացիական պատերազմին դրդապատճառները, յաջորդական փուլերը, միջնորդական ջանքերը, խաղաղարար փորձերը եւ ապա անոր աւարտը:
Կարելի է հաստատել, որ հեղինակը ոչ միայն իրազեկ է նիւթին, այլ՝ խորամուխ ըլլալով՝ զայն ընթերցողին կը հրամցնէ առարկայական, անաչառ եւ բարեխիղճ մօտեցումով: Գնահատականները զուսպ են եւ համոզիչ: Առաջին գլուխը 1958-1975 ժամանակահատուածին վերաբերող ակնարկ մըն է, յատկապէս տնտեսական իրավիճակին: Երկրորդ գլուխով՝ «Կրօնաքաղաքական Ուժերի Եւ Կուսակցութիւնների Յարաբերակցութիւնը (1958-1975 թթ.)» կարելի է ծանօթանալ սահմանադրութեան դրուածքին, կուսակցութեանց յարանուանական բնոյթին, իրարու միջեւ ընթացած պայքարին, անոնց գաղափարախօսական հակասութեանց, ուր կը նշուի. «Լիբանանեան կուսակցութիւնների մեծ մասին բնորոշ էր ոչ այնքան նուիրուածութիւնը կոնկրետ սկզբունքներին եւ ծրագրին ու համախոհութիւնը, որքան անվերապահ հաւատարմութիւնն ու նուիրուածութիւնը ղեկավարներին:
Լիբանանի կուսակցական համակարգը եւս արտացոլում էր լիբանանեան հասարակութեան բարդ կրօնադաւանական կառուցուածքը» (էջ 65): Երրորդ գլուխը Լիբանանի 1958-1967 թուականներու ներ-քաղաքական իրավիճակը ներկայացնելով կը տեսնենք ներհակ ուժերու յարաբերութեանց դէպի սրութիւն եւ լարուածութիւն թաւալող ուղին, արաբական հակասութեանց արտայայտութիւնները երկրէն ներս, ամերիկեան, իսրայէլեան եւ միջազգային այլ գործօններու թափանցումները եւ շահերու բախումները: Չորրորդ գլուխը՝ 1967-1975 թուականներու ներ-քաղաքական զարգացումներուն վերաբերող, կ'ընթերցենք թէ ինչպէս Լիբանան գահավէժ ընթացքով հասաւ քաղաքացիական պատերազմի եզրին, պաղեստինեան զինեալ ներկայութիւնը, լիբանանեան աջ եւ ձախ ուժերուն ձգտուածութիւնը, իսրայէլեան շահագրգռութիւնները, կառավարական յաջորդական ճգնաժամերը, ընկերային-տնտեսական խլրտումները, ուսանողական-բանուորական ցոյցերը եւ այլն: Ան կ'եզրակացնէ. «1970-ականներին մերձաւորարեւելեան ճգնաժամի սրման, Լիբանանում պաղեստինեան ռազմաքաղաքական կառոյցների ներկայութեան, պաղեստինցիների՝ լուրջ քաղաքական գործօն դառնալու եւ արտաքին մի շարք այլ գործօնների ազդեցութեամբ՝ աննախադէպ խորացան հակասութիւնները լիբանանեան հասարակութեան ներսում: Նրա պառակտումը դարձաւ իրողութիւն: Այս բոլորի հետեւանքով 1975 թ. Ապրիլին Լիբանանում սկսուեց երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմ» (էջ 196):
Հինգերորդ գլուխը պատերազմին ողջ ընթացքն է (1975-1990). ան կը գրէ. «Լիբանանեան հակամարտութիւնը հակասութիւնների մի բարդ հանգոյց էր, որն ունէր քաղաքական ենթատեքստ» (էջ 197): Թէ ինչպէս 1975 Ապրիլ 13-ին ծայր առաւ պատերազմը, ինչպիսի հանգրուաններէ անցաւ ան, իսլամ-քրիստոնեայ, ներ-իսլամական եւ ներ-քրիստոնէական բախումներ, Պէյրութի եւ Լիբանանի տարածքային բաժանումներ, «Սեւ Շաբաթ», Արաբական Զսպիչ Ուժեր եւ ապա սուրիական բանակի ներկայութիւն, պաղեստինեան բազմաբնոյթ ուժերու աշխուժութիւն եւ հակասութիւններ, ՊԱԿ-ի ներկայութեան դէմ հակասական կարծիքներ, իսրայէլեան զօրքերու ներխուժում (1982), քաղաքական ահաբեկումներ, Սապրա Շաթիլա, մինչեւ Թաէֆի համաձայնութիւն, խաղաղարար միջնորդներ, զօրավար Մ. Աունի անկումը (1990) կը նկարագրուին դէպքերու տրամաբանական շարայարումով: Ան պատերազմը կը բաժնէ ութ փուլերու, յաճախ կու տայ զոհերու թիւն ու բնոյթը, կը ներկայացնէ զանազան ուժերու դիրքորոշումները, շիաներու զօրացումը, մարոնիներու առանձնաշնորհեալի դիրքերէ չզիջելու կարծրութիւնը, «Հըզպալլա», Իսլամական Դիմադրական Շարժումէն մինչեւ 1992 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որ կ'եզրափակուի այսպէս. «Հարիրիի գլխաւորած կառավարութիւնը ստանձնեց լիբանանեան պետականութեան վերահաստատման եւ տնտեսութեան վերականգնման դժուարին գործընթացի իրագործումը» (էջ 267):
Լիբանանահայութեան մասին կայ մէկ պարբերութիւն միայն, ուր կը գրուի. «հայկական համայնքը արտայայտուեց քաղաքացիական պատերազմին մասնակցելու դէմ եւ որպէս պաշտօնական դիրքորոշում հռչակեց դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը» (էջ 207): Երբ հեղինակին հարցուցինք պատճառը, ան նշեց թէ պատերազմի տարիներուն լիբանանահայութեան դիրքորոշման պարագան ուսումնասիրման առանձին թեմա է:
Հատորը ունի Վերջաբան մը, անգլերէն ամփոփում մը, օգտագործուած գրականութեան եւ պարբերականներու երկար ցանկ մը (անգլերէն, ռուսերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, հայերէն): Նշենք, որ լուրջ աշխատանքի արգասիք հատորը եղած է հեղինակին թեկնածուական աւարտաճառը:
Արեւելագէտ Լիլիթ Յարութիւնեան համահեղինակ է երկու հրատապ գիրքերու. «Սիրիայի Հայ Համայնքը. Արդի Հիմնախնդիրներ» (2011) եւ «Ծոցի Արաբական Երկրների Հայ Համայնքներ. Արդի Հիմնախնդիրներ» (2012): Ան արեւելագէտ, իսլամագէտ եւ Սուրիոյ մասնագէտ Արաքս Փաշայեանի հետ, նկատի առնելով նշեալ հայ համայնքներուն դիմակալած խնդիրները (յատկապէս Սուրիոյ) ընթերցողի սեղանին տրամադրած են ուշագրաւ գործեր՝ յանձնարարութեամբը Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան: Երկու երիտասարդուհի գործակիցները հարցազրոյցներով, փաստերով, աղբիւրներու լայն օգտագործումով վեր հանած են հայութեան այդ շրջաններուն առնչուող հարցերը: Փաստօրէն սփիւռքահայութեան նպաստող շնորհակալ աշխատութիւններ, որոնք ունին անգլերէն եւ ռուսերէն ամփոփումներ:
Լիլիթ Յարութիւնեանի վաստակը միայն նշեալ գործերով չի սահմանափակուիր: Ան կ'աշխատակցի արեւելագիտական պարբերականներու՝ լուսարձակի տակ բերելով Լիբանանի այժմու խնդիրները, վերջին զարգացումներն ու քաղաքական խմորումները: Ուրեմն, Լիբանանը մնայուն ուշադրութեան առարկան է արեւելագէտին: Օրինակ, դեռեւս խորհրդային օրերէն տարին անգամ մը լոյս կը տեսնէր «Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Երկրներ» գիտական յօդուածներ ընդգրկող ժողովածուն: 19-րդ հատորին մէջ (2000 թ.) ան ունի «Լիբանանի Կրօնահամայնքային Համակարգը» հրապարակումը, 27-րդ հատորին մէջ՝ (2009 թ.) «Սուննի Իսլամական Խմբաւորումները Լիբանանում (1970-2000-ական ԹԹ.) յօդուածը: Իսկ «Արեւելք»ի (յօդուածներու ժողովածու) մէջ 2001-ին գրած է «Սիրիայի Եւ Իսրայէլի Գործօնը Լիբանանեան Ճգնաժամում (1975-199 թթ.):
Վերջին տարիներուն Արեւելագիտութեան Ինստիտուտը կը հրապարակէ «Ժամանակակից Եւրասիա» արեւելագիտական պարբերականը, խմբագրապետութեամբ թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանի. խմբագրական կազմի անդամ է Լ. Յարութիւնեան: 1 (2) 2012-ի համարին մէջ ան ստորագրած է «Լիբանանը Քաղաքական Ճգնաժամերի Եւ Յարաբերական Կայունութեան Միջեւ (2008-2011)» յօդուածը, անոր կցելով 2008-2011 թուականներու հիմնական իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը (էջ 9-60): Հոն կը պարզուի, որ ան քայլ առ քայլ կ'արձանագրէ լիբանանեան իրադարձութիւնները՝ իրազեկ պահելով գիտական-քաղաքական շրջանակները:
Պատուական հայուհին միայն գիտաշխատող չէ՝ գիրքերով եւ ուսումնասիրութիւններով խճողուած, այլ՝ դասախօս է Երեւանի Պետական Համալսարանի արեւելագիտութեան ֆաքուլթեթին մէջ՝ թեմա ունենալով՝ արաբական աշխարհի ժամանակակից քաղաքական կուսակցութիւնները: Փաստօրէն, ան կը պատրաստէ հայրենի պետական-դիւանագիտական վաղուան քատրերը, որոնք պիտի ծառայեն արաբական երկիրներու մէջ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտներ:
Ան այս օրերուն կը գտնուի Զուիցերիոյ Ֆրիպուրկ քաղաքը, որուն համալսարանի գրադարանին մէջ կը պրպտէ ու կը պեղէ նոր տուեալներ ու տեղեկութիւններ իր մասնագիտութեան առնչութեամբ, որպէսզի շուտով պաշտպանէ դոկտորական աւարտաճառը:
Բեղուն երթ կը մաղթենք ժրաջան, ջանասէր եւ հետեւողական արեւելագէտ Լիլիթ Յարութիւնեանին:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ