image
Հրատապ լուրեր:

Առեւանգած ու ապա ազատ արձակած են «Մայր Հայաստան»ի աւագանիի անդամուհին

Առեւանգած ու ապա ազատ արձակած են «Մայր Հայաստան»ի աւագանիի անդամուհին

ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժնէն ներս մարդու առեւանգում յատկանիշներով փաստաթուղթեր ձեւակերպուած են, որոնք պիտի փոխանցուին ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քննչական բաժին։ Յայտնած է shamshyan.com-ը: 

Փաստաթուղթերը ձեւակերպուած են յունուար 17-ին ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին դիմած Երեւանի բնակիչ 48-ամեայ Նարինէ Հայրապետեանի հաղորդման փաստով։

Վերջինս յայտնած է, որ յունուար 15-ին՝ ժամը 09։30-ի սահմաններուն, Թոթովենց փողոցէն իրեն անյայտ անձինք ստիպողաբար իրեն նստեցուցած են անյայտ մակնիշի մեքենայ, փակած են աչքերը, ապա տեղափոխած իրեն անծանօթ անյայտ վայր, ուր ինքը հանդիպած է 60-65 տարեկան տղամարդու հետ։

Այդ տղամարդը քաղաքական գործունէութեամբ պայմանաւորուած զրոյց ունեցած է իր հետ, որմէ ետք նոյն անձինք նոյն ձեւով անոր ետ տարած են Աբովեան փողոց, իջեցուցած մեքենայէն եւ հեռացած։

Նշենք, որ  Նարինէ Հայրապետեանը Երեւանի աւագանիի «Մայր Հայաստան» դաշինքի անդամ է։