image

Արձագանգ Ռուբէն Վարդանեանի որդիէն. «Հօրս հետ հանդիպող փաստաբանները բացառաբար ատրպէյճանցի փաստաբաններ են»

Արձագանգ Ռուբէն Վարդանեանի որդիէն. «Հօրս հետ հանդիպող փաստաբանները բացառաբար ատրպէյճանցի  փաստաբաններ են»

Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը, որ աւելի քան մէկ տարի կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի կալանքի տակ, մեկուսացուած է իր ընտանիքի կողմէ վարձած փաստաբաններէն։ Այս մասին RTVI հեռուստաալիքին յայտնած է Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեանը։

«Իրավիճակի առանցքային խնդիրն ու անհեթեթութիւնն այն է, որ հայրիկիս միայն ադրբեջանցի փաստաբանները տեսնելու հնարաւորութիւն ունեն։ Մեր միջազգային իրաւաբանները երբեք չեն կարողացել տեսնել հօրս, առաւել եւս կապ հաստատել նրա հետ: Այսինքն տեղեկատուական ամբողջական վակուում է եւ լիակատար մեկուսացում»,-ըսած է Դաւիթ Վարդանեանը։

Անոր խօսքով, Ռուբէն Վարդանեանին տեսակցելու փաստաբաններու բոլոր դիմումները «կամ ուղղակի անտեսուել են, կամ մերժուել»։ Թոյլ չեն տար նաեւ Ռուբէն Վարդանեանին այցելել «անկախ բժիշկներ»։

«Միակ բանը, որ եղել է, հետազօտութիւնն էր, որ պետական հիւանդանոցն արել է նրա հացադուլից յետոյ։ Որոշ այցեր, ինչպէս հասկացանք, Կարմիր Խաչից էին, բայց, դարձեալ, դա բաւարար չէ, քանի որ դրանք բաւականին մակերեսային են»,-ըսած է Դաւիթ Վարդանեանը։

Ան նաեւ նշած է, որ նամակներ կարելի է ուղարկել միայն Կարմիր Խաչի միջոցով, որն ունի «շատ խիստ կանոնակարգեր»՝ ոչ աւելի, քան չորս էջ։

ԱՀ նախկին պետնախարարի որդին նշած է, որ կը զանգէ հօրը, սակայն հեռախօսով «ոչ մէկ հարց» կրնան քննարկել։ Ան նաեւ ըսած է, որ ընտանիքը երախտապարտ է տեղացի փաստաբանին, որ «կը վտանգէ իր կեանքը»:

Դ. Վարդանեանը նշած է, որ ընտանիքը «չափազանց երախտապարտ է» Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ յոյս յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ կ՚առաջնորդուի «մարդասիրական նկատառումներով»:

«Մենք աներեւակայելի երախտապարտ ենք նման խօսքերու համար եւ յոյսով ենք, որ ատոնք կը լսուին»,-ըսած է ան։

Դաւիթ Վարդանեանը հաստատած է, որ իր հօրը 20 յօդուածներով 45 մեղադրանք առաջադրուած է։ Անոր խօսքով, քրէական գործը կը պարունակէ 25 հազար էջ ատրպէյճաներէն, որոնք Ռ.Վարդանեանի համար բանաւոր կը թարգմանուին «քննիչի եւ դատախազութեան» կողմէ նշանակուած թարգմանիչի կողմէ։