image

Արդեօք Իրան հրաժարած է՞ կորիզային թեմայով իր պարտաւորութիւններէն

Արդեօք Իրան հրաժարած է՞ կորիզային թեմայով իր պարտաւորութիւններէն

Միջուկային ծրագրի շուրջ ստանձնած պարտաւորութիւններէն Իրանի աստիճանական հրաժարումը չենթադրեր, թէ Թեհրանը կը զբաղի միջուկային զէնքի ստեղծմամբ: Այս կարծիքը յայտնած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսին 22 յուլիսին սպանական El Pais թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը:

«Գոյութիւն ունէր իրաւական հիմք, որ Իրանի համար կ'ենթադրԷր շարք մը յոժարակամ սահմանափակումներ, որոնք գործողութիւններու համատեղ հմապարփակ ծրագրի (ԳՀՀՊ) մասն Էին»,- նշած Է Կրոսսին:

Անոր խօսքով, երբ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշեց հրաժարիլ համաձայնագրէն, «Իրանն աստիճանաբար եւ հետեւողականօրէն սկսաւ հրաժարիլ ստանձնած տարբեր պարտաւորութիւններէն»: «Այսօր մենք ունինք միջուկային ծրագիր, որ վիթխարիօրէն աճած Է՝ շատ աւելի, համամատութեամբ այն բանին որ կար 2015 թուականին,-ըսած Է գլխաւոր տնօրէնը:- Այդ չի նշանակեր, թէ Իրանը միջուկային զէնք կը ստեղծէ, բայց որեւէ երկիր, որ ռազմական մշակումներ չունի, (ուրանը) չի հաստացներ այդ մակարդակով՝ 60 տոկոսով»:

«Ուստի մենք կը գտնուինք շատ բարդ իրավիճակի մէջ, որովհետեւ Իրանը ոչ միայն վճռականօրէն եւ արագ կերպով առաջ կը շարժի, այլեւ ատոր հետ միաժամանակ կը նուազեցնԷ ՄԱԳԱՏԷ-ի տեսանելիութիւնն այդ բոլոր կառոյցներուն,- պարզաբանած Է Կրոսսին:- Եւ այս մէկը, իմ կարծիքով, նուրբ իրավիճակ կը ներկայացնէ, բացի այլ հարցերէ»:

Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրը 2015 թուականին Իրանի հետ ստորագրած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական «հնգեակը» եւ Գերմանիան՝ անոր միջուկային մշակումներու շուրջ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով:

ԱՄՆ-ի նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ 2018 թուականին որոշում ընդունեց այդ համաձայնութենէն դուրս գալու մասին: Միացեալ Նահանգներու գործող ղեկավար Ճօ Պայտըն բազմիցս յայտնած Է Ուաշինկթընի Թեհանի հետ միջուկային գործարքին վերադառնելու պատրաստակամութեան մասին: Ռուսաստանը, Մեծ Բրիտանիան, Գեմանիան, Չինաստանը, ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան անցեալ տարուան ապրիլէն Վիեննայի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններ վարած են գործողութիւններու համատեղ հմապարփակ ծրագրի (ԳՀՀՊ) սկզբնական տեսքով վերականգնման շուրջ, հաղորդած Է «ԹԱՍՍ»-ը: