Միջուկային ծրագրի շուրջ ստանձնած պարտաւորութիւններէն Իրանի աստիճանական հրաժարումը չենթադրեր, թէ Թեհրանը կը զբաղի միջուկային զէնքի ստեղծմամբ: Այս կարծիքը յայտնած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսին 22 յուլիսին սպանական El Pais թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը:
«Գոյութիւն ունէր իրաւական հիմք, որ Իրանի համար կ'ենթադրԷր շարք մը յոժարակամ սահմանափակումներ, որոնք գործողութիւններու համատեղ հմապարփակ ծրագրի (ԳՀՀՊ) մասն Էին»,- նշած Է Կրոսսին:
Անոր խօսքով, երբ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշեց հրաժարիլ համաձայնագրէն, «Իրանն աստիճանաբար եւ հետեւողականօրէն սկսաւ հրաժարիլ ստանձնած տարբեր պարտաւորութիւններէն»: «Այսօր մենք ունինք միջուկային ծրագիր, որ վիթխարիօրէն աճած Է՝ շատ աւելի, համամատութեամբ այն բանին որ կար 2015 թուականին,-ըսած Է գլխաւոր տնօրէնը:- Այդ չի նշանակեր, թէ Իրանը միջուկային զէնք կը ստեղծէ, բայց որեւէ երկիր, որ ռազմական մշակումներ չունի, (ուրանը) չի հաստացներ այդ մակարդակով՝ 60 տոկոսով»:
«Ուստի մենք կը գտնուինք շատ բարդ իրավիճակի մէջ, որովհետեւ Իրանը ոչ միայն վճռականօրէն եւ արագ կերպով առաջ կը շարժի, այլեւ ատոր հետ միաժամանակ կը նուազեցնԷ ՄԱԳԱՏԷ-ի տեսանելիութիւնն այդ բոլոր կառոյցներուն,- պարզաբանած Է Կրոսսին:- Եւ այս մէկը, իմ կարծիքով, նուրբ իրավիճակ կը ներկայացնէ, բացի այլ հարցերէ»:
Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրը 2015 թուականին Իրանի հետ ստորագրած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական «հնգեակը» եւ Գերմանիան՝ անոր միջուկային մշակումներու շուրջ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով:
ԱՄՆ-ի նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ 2018 թուականին որոշում ընդունեց այդ համաձայնութենէն դուրս գալու մասին: Միացեալ Նահանգներու գործող ղեկավար Ճօ Պայտըն բազմիցս յայտնած Է Ուաշինկթընի Թեհանի հետ միջուկային գործարքին վերադառնելու պատրաստակամութեան մասին: Ռուսաստանը, Մեծ Բրիտանիան, Գեմանիան, Չինաստանը, ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան անցեալ տարուան ապրիլէն Վիեննայի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններ վարած են գործողութիւններու համատեղ հմապարփակ ծրագրի (ԳՀՀՊ) սկզբնական տեսքով վերականգնման շուրջ, հաղորդած Է «ԹԱՍՍ»-ը: