image

«Համաս» հրաժարած է ազատ արձակել 40 իսրայէլցի պատանդ

«Համաս» հրաժարած է ազատ արձակել 40 իսրայէլցի պատանդ

Պաղեստինեան «Համաս» արմատական շարժումը հրաժարած է Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի հետ առաջարկուող զինադադարի համաձայնագրի շրջածիրէն ներս ազատ արձակել 40 ողջ պատանդ: Այս մասին յայտնած է The Times of Israel թերթը։

Իսրայէլ կը պահանջէ, որ արմատականները վերադարձնեն 40 ողջ պատանդ՝ համաձայն Կազայի հատուածին մէջ զինադադար հաստատելու նոր առաջարկի, նշած է թերթը։ Սակայն «Համաս»-ն ըսած է, որ այս պահնաջը բաւարարելու համար պէտք է ազատ արձակէ իսրայէլցի տղամարդ զինուորներ, քանի որ իր մօտ չունի 40 ողջ տարեց, կին եւ իգական սեռի զինուոր։ Միեւնոյն ժամանակ, արմատականները հրաժարած են ազատ արձակել անցեալ տարուան հոկտեմբեր 7-ին գերեվարուած տղամարդ զինուորները եւ պատրաստ են ազատ արձակելու 40-է պակաս պատանդ, հաղորդած է Kan հեռուստաընկերութիւնը՝ այս հարցը համարելով ամենամեծ խոչընդոտը Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն։

Աւելի վաղ Al Jazeera հեռուստաալիքը, վկայակոչելով աղբիւրներ, յայտնած էր, որ բանակցողները հակամարտող կողմերուն ներկայացուցած են Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի նոր առաջարկ, որ պէտք է իրականացուի երեք փուլով։ Առաջին փուլին «Համաս»-ը պիտի ազատէ Կազայի հատուածին մէջ պահուող 40 իսրայէլցի պատանդ՝ 900 պաղեստինցի բանտարկեալի, այդ շարքին՝ 100-ը ցմահ դատապարտուած, ազատ արձակման դիմաց։ Հրադադարի հնարաւոր համաձայնագրի այլ պայմաններու շարքին հեռուստաալիքի աղբիւրները նշած են տեղահանուած խաղաղ բնակիչներու վերադարձը անկլաւի հիւսիսային հատուած եւ մարդասիրական օգնութիւնով 500 բեռնատարի ամենօրեայ անցումը: