image
Հրատապ լուրեր:

Արդեօ՞ք Անգարա Պատերազմ Շղթայազերծեց ISIS-ին Կամ PKK-ին Դէմ, Կամ Երկուքին Դէմ Միասին/ Վիգէն Չթըրեան*

Արդեօ՞ք   Անգարա Պատերազմ  Շղթայազերծեց    ISIS-ին   Կամ  PKK-ին  Դէմ, Կամ   Երկուքին Դէմ  Միասին/ Վիգէն  Չթըրեան*

  Երկար մտորումներէ   եւ անվերջանալի թուացող բանակցութիւններէ  ետք    Թուրքիոյ իշխանութիւնները  վերջապէս  որոշեցին      ներգրաւուիլ   ISIS-ին դէմ կազմուած միջազգային դաշինքին մէջ : Այսպէս թուրքիոյ  ISIS -ի դէմ շղթազերծած պատերազմը   չ'ընդգրկէր միայն թրքական կործանիչներու մասնակցութեամբ Սուրիոյ մէջ   ISIS -ի դիրքերուն դէմ    ռմբակոծումները այլ նաեւ եւ յատկապէս բրիտանական եւ ամերիկեան կործանիչներուն  արտօնութիւն տալը, որպէսզի վերջիններս   օգտագործեն Թուրքիոյ ինճիրլիք  օդային   խարիսխը   գրոհելու համար ISIS -ին դէմ: Այս  հնարաւորութիւնը   օգտակար պիտի ըլլայ դաշնակից ուժերուն  աւելի կարճ ժամանակամիջոցներու մէջ  հարուածել  եւ  թիրախ դարձնել     ISIS -ի   առաջնորդներուն գտնուած դիրքերը  եւ բարձրաձնել    ամերիկեան   կործանիչներուն  աւելի կարեւոր  թիրախներ հարուածելու  հնաաւորութիւնները:

 Ինչն էր ստիպեց, որ Թուրքիա    կտրուկ կերպով  փոխէ իր  քաղաքականութիւնը:   Փոփոխութեան հիմնական պատճառը  Սուրուճի մէջ հաւաքուած ձախակողոմեաններուն   դէմ    տեղի ունեցած ահաբեկչական գրոհն էր, որու հետեւանքով զոհուեցան 32   անձեր:  Այս դէպքը  գրոհներուն տուն տուող արտաքին դրադապատճառ  կարելի  է համարել:  Թուրքիոյ համար ISIS-ը        քիւրտերու դէմ  կռուելու  գործօնի վերածելը  նոյնպէս կը համարուէր ձախողած:   Աւելի ուշ Սուրիոյ  հիւսիսային շրջաններուն մէջ    եւ  Քոպանիի  եւ  աւելի ուշ Հասաքէի վրայ ISIS-ի  կատարած յարձակումները  ձախողեցան: Անկէ ետք  քրտական ջոկատներ արագ հակայարձակողականի դիմելով կրցան  իրենց տիրապետգթեան տակ առնել  Թալ Ապեատ աւանը  այդպիսով կարեւոր  կապ ստեղծելով    Թալ Ապեատի   եւ այն շրջաններուն միջեւ, որոնք  կը գտնուին  քիւրտ  զինեալներուն     տիրապետութան  տակ: Ուրեմն հասկնալու համար  Թուրքիոյ իշխանութիւններուն   Սուրիոյ մէջ ունեցած  քաղաքական դիրքորոշումներուն  կտրուկ փոփոխութիւնները պէտք է նկատի առնել  վերը նշուած բոլոր հանգամանքները  եւ   նաեւ հասկնալ, որ Թուրքիոյ մեծ ձախողութուիւններ  ունեցաւ  Սուրիոյ մէջ:   Պէտք է նաեւ  տեսնել, որ թրքական  կործանիչները  ծանր հարուածներ   տուին PKK -ի դիրքերուն դէմ  յատկապէս Իրաքի    մէջ  գտնուող    Քանտիլ Լեռնային շրջաններուն մէջ:  Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումէն անմիջապէս ետք   մեծ թիւով քիւրտ աքթիւիսթներ մեղադրեցին Թուրքիոյ իշխանութիւնները   ISIS -ին    ամբողջական եւ երեւելի նեցուկ ցոյց տալու մէջ: Դէպքէն ետք քիւրտ զինեալներ յարձակում կը գործէին թրքական սահմանային անցման կէտի մը դէմ եւ կը սպաննէին երկու ոստիկաններ: Այս մէկը նոյնպէս կը բարդացնէր իրավիճակը եւ    քիւրտ  զինեալներուն ու  իշխանութիւններուն միջեւ       2013    Յունուարէն   ի վեր առկայ հրադադարը    փոփոխութեան կ'ենթարկուէր: Կը մնայ հարցադրումը       արդեօ՞ք Սուրիոյ դէմ Էրտողանի   վարած  քաղաքականութիւնը     ձախողած էր     յատկապէս,  որ Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը    անցնող Յունիսին    երկրի   խորհրդարանական  ընտրութիւններուն      երեւելի նահանջ  արձանագրած էին:   Պէտք է նաեւ չմոռնալ, որ  այս գրոհներուն հետ համընթաց Թուրքիա  յաջողեցաւ  ոչ  թռիչքային գօտի մը ապահովելու ծրագիրը մէջտեղ  դնել  Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ  եւ այդ մէկը  կրնայ հասատաուիլ  յառաջիկայ   շաբաթներուն:

 Կը մնայ  հարց տալ,  ինչո՞ւ Թուրքիա       մղուեցաւ  իսլամիստներուն ապաւինելով վտանգաւոր խաղ մը  խաղալ    յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Բոլորս գիտենք, որ   որեւէ պետութիւն,  որ կը գործակցի Իսլամիստ  խմբաւորումներու հետ ծանր    հարուածներու ենթակայ կ'ըլլայ նոյն   իսլամիստներէն : Այս խօսքին     ամէնէն վառ  օրինակը Փաքիստանի պարագան է: Ինչպէս Փաքիստան   այնպէս եւս  Էրտողանի գլխաւորած Թուրքիոյ      իշխանութիւնները      կրօնա- գաղափարական      կապեր ունին  իսլամիստ  հատուածնրունն հետ եւ   հակառակ  տեղի ունեցող  ռազմական  գործողութիւններուն  դժուար թէ այդ  կապերը խափանուին:

 

 

Վիգէն Չթըրեան

* Վիգէն  Չթըրեանը   միջազգային յարաբերութիւններու դոկտոր է: Ան  ներկայիս  կը դասախօսէ Ժընեւի համալսարէն ներս: Չթըրեանի վերջին հրապարակած  հատորն է  ՝ «Բաց Վէրքեր Հայեր, Թուրքեր եւ Մէկ Դարու Ցեղասպանութիւն» աշխատութիւնը, որ տպագրուած է՝   Hurst, and Oxford University Press-ին կողմէ: