Պաղեստինեան «Համաս» շարժումն ընդունած է «Ալ Քասսամ» փաղանգի (շարժման ռազմական թեւի) հրամանատար Մոհամմատ Տէյֆի եւ անոր տեղակալ Մարուան Իսայի մահը։
Այս մասին, յայտարարած է փաղանգի ներկայացուցիչ Ապու Ուպայտան։
«Մենք կը սգանք «Ալ Քասսամ» փաղանգի հրամանատար Մոհամմատ Տէյֆի եւ անոր տեղակալ Մարուան Իսայի մահը»,- ըսած է Ապու Ուպայտան տեսաուղերձին մէջ։
2024 թուականի օգոստոսին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ՑԱԽԱԼ) յայտարարած է, որ վերացուցած է «Համաս»-ի ռազմական թեւի առաջնորդ Մոհամմատ Տէյֆը այդ տարուան յուլիս 13-ին Խան Եունիսի մէջ տեղի ունեցած յարձակման ժամանակ։