image

Արդէն 3-րդ շաբաթ. Երկարատեւ պատերազմի ուրուականը կը մեծնայ

Արդէն  3-րդ շաբաթ. Երկարատեւ  պատերազմի  ուրուականը կը մեծնայ

Աւարտելու համար այսօրուայ սիւնակս նախնական եզրակացութեամբ մը կարելի է ըսել, որ այո անկախ ամէն մակարդակի զարգացումներէ այս պատերազմը պիտի բանայ նոր ժամանակաշրջան մը, որուն հիմնական առանցքը նոր բեւեռներու գոյացումն է։ 

Բեւեռներ, որուն մէջ հիմնական դերը պիտի ստանձնէ Ռուսաստանի ուժը, Հնդկաստանի մարդուժը եւ Չինաստանի հզօր տնտեսական ուժը։ Պայքարը տակաւին ընթացք կ՚առնէ, ու բոլոր կողմերուն համար, Եւրոպայի «քիթին տակ» եղած այս պայքարը պիտի ըլլայ «մեղացուցիչ դէպք յանցանաց» մը, որուն շնորհիւ ալ առնուազն յառաջիկայ ամեակներուն աշխարհի օրակարգէն պիտի հանուի «կորիզային համաշխարհային պատերազմ»ի շղթայազերծման բոլոր տեսակի վտանգները։

 Կան պատերազմներ, որոնք կողմերէն մէկուն համար անպայման յաղթանակ կը գրեն, այդ պատերազմը այդ պատերազմներէն չէ հաստատ ու անպայմանօրէն նոր օրակարգ մը, նոր քաղաքականութեան մը, նոր օրինաչափութիւններու եւ նոր մակարդակի յարաբերութիւններու պատերազմն է, որուն սահմանները այսօր կը գրուին, յանուր մարդկութեան աչքերուն առաջ արիւնով, գաղթականութեամբ եւ մեծ կորուստներով։

 

Խաղաղարար «անուժ» ճիգեր եւ երկարատեւ պատերազմի լուրջ վտանգ

 

 Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, անդին կան խօսակցութիւններ խաղաղարար ճիգերու մասին։

 Խօսքը մասնաւորապէս Գերմանիոյ կողմէ առաջ քաշուող նախաձեռնութեան մը մասին, որուն ռահվիրան կը համարուի Գերմանիոյ գանցլէր Օլաֆ Շուլց, որ այդ նախաձեռնութեան մասին արտայայտուած էր օր առաջ կը շարունակէ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ վարել Մոսկուայի հետ։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ այդ բանակցութիւններուն համար Գերմանիան յատուկ բանագնաց մը նշանակած է, եւ վերջինս Մոսկուա մեկնելով հանդիպած է Վլատիմիր Փութինին հետ։ 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ հակառակ Մոսկուայի կողմէ բանակցութիւններու գաղափարը, ոչ մէկ կերպ մերժելու փաստին, ռուսական բանակի ծանր հդրետանին եւ թանկերը կը շարունակեն իրենց գործողութիւնները, շատ մը պարագաներու ալ ակամայ կերպով հարուածելով անզէն քաղաքայիններու կեդրոններ։

 Պատերազմ է, թանձր, ծանր հետեւանքներով ու մտավախութիւն կայ, որ երկու կողմերը, ինչ որ կէտի պատրաստ կըլլան Ուքրանիան վերածելու «վարձկաններ» ու պատերազմի։

 Այստեղ չպէտք է մոռնալ, որ պաշտօնական Քիէւն էր, որ առաջինը դուռ բացաւ դէպի Ուքրանիան վարձկան զինեալներ «ներածելու» գաղափարին, որմէ ետք Մոսկուա ստիպուած եղաւ (հաշուի առնելով ռազմական գործողութիւններուն բարդութիւնը, հետեւաբար նաեւ Ռուսական բանակին մարդկային ներուժ մը ունենալու մտադրութիւնը)։ Այս առումով ալ անշուշտ յաճախ լսելի կը դառնան փոխադարձ մեղադրանքներ, թէ որ կողմը, որ ուժին առջեւ ռազմաճակատ հասնելու դռները լայն բացաւ, սակայն ընդհանուր առումով այյտնի է, որ Քիէւ այսօր չի կռուիր միայն իր պաշտօնական բանակին վստահելով, այլ գործի դրած է ուքրան ազգայնականներու «Ազօֆ» անունով յայտնի խմբակները, որոնք արմատական են, զինուած են արեւմուտքի արդիական բոլոր տեսակի զէնքերով ու նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ կը բարդացնեն մասնաւորապէս դէպի Քիէւ արշաւել փորձող Ռուսաստանի օրինական բանակին գործը։

 Գուցէ այս փաստը հաշուի առնելով էր նաեւ, որ Ռուսաստան նախ ճանապարհ բացաւ Չէչէն զինուորներուն, որոնց ղեկավարը՝ Ռամզան Քատիրով, եղաւ այն առաջին ղեկավարը, որ ռազմական ամբողջական կարողականութիւն ունեցող մեծ զօրագունդ մը ուղարկեց դէպի Ուքրանիա։

 Այս քայլին յաջորդեց, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարար ՝ Զօր. Սէրկէյ Շոյկուի յայտարարութիւնը այն մասին, որ արդէն 16 հազար զինեալներ պատրաստ են Ուքրանիա ժամանելու եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու Ռուսական կողմին։

 

 Անշուշտ զօր. Շոյկու, երբեք չակնարկեց, որ իրենց բանակը պէտքն ունի, կարիքն ունի օգնութեան,բայց եւ այնպէս, թէ իր յայտարարութիւնը եւ թէ ալ նախագահ Փութինի աւելի ուշ կատարած յայտարարութիւնը, ցոյց կու տային, որ Ռուսաստան այդ կերպ ռազմականէն, կամ մարդկային քանակի հաշուարկէն անդին կը փնտռէ նաեւ քաղաքական ազդակներ, ու այդ ազդակները վեր կը հանէ այս պատերազմին տալու նաեւ գաղափարական երանգ։

 Այլապէս, ինչպէս կարելի է հասկնալ Սուրիոյ բանակին մաս կազմող որոշ ջոկատներու պատրաստակամութիւնը, մեկնելու Ուքրանիա եւ պատերազմելու Ուքրանացի բանակին ու անոր շուրջ հաւաքուած վարձկան-զինեալներու խմբակներուն դէմ։

 

 Մէկ բան յստակ է, որ հակառակ անցնող օրերուն առկայ «խիստ» սպասողական տրամադրութիւններուն, յստակ է, որ այս պատերազմը կրնայ աւելին տեւել քան ինչ «նախատեսուած» էր ցարդ եւ այդ զարգացումները կը կատարուին բաւական արագ փոփոխութիւններով, իսկ անոնց զուգահեռ Արեւմուտքին կողմէ եւ անոր դիմաց Մոսկուայի կողմէ ընթացք առած «տնտեսական պատերազմ»ը եւ «փոխհրաձգութիւն»ը կը հասնի անասելու թաւալումներու, յաճախ ունենալով ստեղծուելիք վիճակներէն անդառնալիութեան մը սպառնալիքը։

 Ու այս բոլորով հանդերձ էական հարցադրումը կը մնայ, որ արդեօք «միջնորդաւորուած» գործօններով, վարձակններով եւ այլ միջոցներով օրըստօրէ աւելի խորացող այս պատերազմը կրնայ դառնալ նոր ճահճագետին մը Ռուսաստանին համար, որուն բանակի զինուորները արդէն 17 օրէ ի վեր կը մասնակցին ամէնածանր ռազմական գործողութիւններու։ 

 

Վերադառնալով բանակցութիւններու թեմային հարկ կը համարեմ այստեղ արագ փակագիծ մը բանալով նշել, որ Գերման-Ֆրանս միասնական ճիգերը «լուրջ» բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ առայժմ կը համարուին տապալած։ 

 Տապալած, ոչ միայն անոր համար, որ նոյնիսկ այդ ճիգերուն միացած Չինաստանի մասնակցութեան դիմաց ռուսական կողմէն դրական արձագանգ մը չըլսուեցաւ, այլ նաեւ անոր համար, որ պաշտօնական Փարիզ յայտարարեց պատիժներու նոր փաթեթի մը մասին, որոնք պիտի մեկնարկէին շաբաթ երեկոյեան։

 Այդ պատիժներուն մասին Էլիզեան պալատի յայտարարութիւնէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոն կը յայտարարէր, որ Ռուսաստան ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է կրակը դադրեցնելու, բան մը որ իրավիճակը բոլոր առումներով աւելի ծանր դարձնելու գործօններն ունի։

 

Քիէւի վերաբերեալ նոյն պատկերն է. Կամ... մնաց 20 քիլոմեթր 

 

 Վերջին օրերուն դէպի Քիէւ ընթացք առած ռուսական բանակի պատրաստութիւնները շարունակեցին մնալ կիզակէտային։ Արեւմտեան մամուլի ամէնակարկառուն ներկայցուցիչները՝ սկսած «Սի. Էն. Էն.»ով եւ վերջացած «Սքայ նիւզ»ով տարբեր առիթներով եւ «ջանասիրաբար» յայտարարեցին, որ ռուսական ուժերու դէպի Քիէւ ընթացք առած «արշաւանք»ը արդէն իսկ մտած է ջրբաժանային փուլ մը։

 Ռուսական բանակը փոխած է իր ռազմավարութիւնը, ու նախընտրելով չտարածուիլ տարբեր քաղաքներու ուղղութեամբ որոշած է բռնել «ճիշդ գիծեր» եւ ուղակիօրէն հասնիլ Քիէւ։

 

 Ամենաթէժ մարտերը կը կատարուին Քիէւի արեւելեան ճակատներուն վրայ, որոնք նաեւ կը զուգակցուին ծանրագոյն պայթումներով, որոնք լսելի կը դառնան մայրաքաղաք Քիէւի ամէնէն կեդրոնական շրջաններուն մէջ։

 Կայ նաեւ տպաւորութիւ, որ Ռուսական բանակը մեծ կուտակումներ կատարած է Քիէւի մասնաւորապէս Արեւելեան ճակատին վրայ ու հոնկէ է, որ ռուսներ պիտի փորձեն ճեղքել այդ ճակատը եւ յառաջանալ։ 

 Մարդկային առումով ամէնէն ծանր դրութիւնը կը տիրէ Մարիոփոլ քաղաքին մէջ, ուր սաստիկ ցուրտը, պարէնի խնդիրը, հիւանդանոցային բարդ դրութիւնը կրնան դառնալ տագնապալի։

 

 Մարիփոլի գրաւումը անշուշտ շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Ռուսաց համար, որովհետեւ այդ ծովեզերեայ քաղաքի գրաւումը կը համարուի Ուքրանիոյ Սեւ-Ծովեան ամբողջ եզերքը (բացի Օտեսայէն անշուշտ,որ ցոյց կու տայ մեծ դիմադրութիւն) դարձնել ռուսական ուժերու ենթակայ շրջան։ Միւս կողմէ ալ եւ ըստ փորձագէտ Մահհմուտ Ալ Աֆանտիի (որ կը բնակի Մոսկուա եւ յաճախ հանդէս կու գայ «Պի. Պի. Սի.» կայանէն նշած է, որ Մարիփոլի գրաւումը շատ կարեւոր է ռուսաց համար, քանզի այդ քաղաքը կը համարուի (ներկայիս դրութեամբ) Ուքրանիոյ ազգայնական-ծայրայեղական «Ազոֆ» թեւի գլխաւոր կեդրոնատեղին։

 

 Ամէն պարագայի տակ, յստակ է, որ պատերազմի ներկայ փուլը կ՚ընթանայ, ոչ միայն ռազմական գետնի վրայ, այլ կայ նաեւ տնտեսական ճակատումներու կարեւոր պատկեր մը, որուն հիմնական «հովանաւոր»ը արեւմեան պլոքն է, հակառակ անոր որ վերջին օրերուն եւրոպացի մի քանի պատասխանատուներ սկսած են մտավախութիւններ յայտնել, որ իրենց կողմէ Ռուսաստանի դէմ կարգի դրուած տնտեսական պատժամիջոցները կրնան շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ Եւրոպական մայրացամաքին վրայ, բան մը, որ օրեր առաջ ալ գրեցի նոյն այս սիւնակով։ 

 

 Աւարտելու համար այսօրուայ սիւնակս նախնական եզրակացութեամբ մը կարելի է ըսել, որ այո անկախ ամէն մակարդակի զարգացումներէ այս պատերազմը պիտի բանայ նոր ժամանակաշրջան մը, որուն հիմնական առանցքը նոր բեւեռներու գոյացումն է։ 

Բեւեռներ, որուն մէջ հիմնական դերը պիտի ստանձնէ Ռուսաստանի ուժը, Հնդկաստանի մարդուժը եւ Չինաստանի հզօր տնտեսական ուժը։ Պայքարը տակաւին ընթացք կ՚առնէ, ու բոլոր կողմերուն համար, Եւրոպայի «քիթին տակ» եղած այս պայքարը պիտի ըլլայ «մեղացուցիչ դէպք յանցանաց» մը, որուն շնորհիւ ալ առնուազն յառաջիկայ ամեակներուն աշխարհի օրակարգէն պիտի հանուի «կորիզային համաշխարհային պատերազմ»ի շղթայազերծման բոլոր տեսակի վտանգները։

 Կան պատերազմներ, որոնք կողմերէն մէկուն համար անպայման յաղթանակ կը գրեն, այդ պատերազմը այդ պատերազմներէն չէ հաստատ ու անպայմանօրէն նոր օրակարգ մը, նոր քաղաքականութեան մը, նոր օրինաչափութիւններու եւ նոր մակարդակի յարաբերութիւններու պատերազմն է, որուն սահմանները այսօր կը գրուին, յանուր մարդկութեան աչքերուն առաջ արիւնով, գաղթականութեամբ եւ մեծ կորուստներով։

 

Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...