image

Առցանց հարթակներ՝ սփիւռքահայերու համար. youtube-ի մէջ տեղադրուած են հայագիտական առարկաներու տեսադասեր

Առցանց հարթակներ՝ սփիւռքահայերու համար. youtube-ի մէջ տեղադրուած են հայագիտական առարկաներու տեսադասեր

«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով՝ տարբեր երկիրներու մէջ՝ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններով յառաջացած իրավիճակին՝ մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներու կրթական գործընթացի շարունակականութիւնը հնարաւորինս ապահովելու նպատակով՝ ԿԳՄՄ նախարարութեան youtube-ի (https://www.youtube.com/user/armeduchannel) ալիքին վրայ տեղադրուած են հայագիտական առարկաներու տեսադասեր՝ «Հայոց լեզու», «Հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերուն` https://bit.ly/34m1Wtm։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան (ԿԳՄՍ) նախարարութենէն։

«ԿԳՄՍ նախարարութեան գործարկած հեռավար կրթութեան միջոցներու համալիր էջին (heravar.armedu.am) նաեւ առկայ են առցանց աղբիւրներ եւ գործիքներ, մասնաւորապէս, Tumanyan.Online առցանց դպրոցը՝ https://armenian-language.org/, որուն միջոցով մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներու փոքրիկները կրնան սորվիլ հայոց լեզու, նաեւ՝ օտար լեզուով։

Վերոնշեալ էջին վրայ տեղադրուած է նաեւ ՀԲԸՄ հայկական վերացական համալսարանի (ՀՎՀ) գործարկած առցանց կրթութեան հարթակը, ուր տեղադրուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ տեղեկատւութիւն՝ լեզու, պատմութիւն, կրօն, ճարտարապետութիւն, խոհանոց, ճատրակ: Գերաշխոյժ բովանդակութեան հիմքը ՀՎՀ-ի multimedia ելեկտրոնային գիրքերն են, առցանց դասընթացները եւ վերացական այցելութիւնները, որոնք ներկայացուած են վեց լեզուներով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն: Կրթական հարթակը նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է ամենօրեայ գերաշխոյժ հանդիպումներու եւ առցանց հաղորդակցութեան համար: Կրթական ինքնուսոյց նիւթերէն բացի՝ ՀՎՀ-ի կրթահարթակին միջոցով կը  կազմակերպուին նաեւ վերացական այցելութիւններ դէպի պատմական եւ մշակութային վայրեր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: ՀՎՀ-ի գերաշխոյժ առցանց կրթական հարթակը հասանելի է անվճար www.avc-agbu.org կայքին մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՎՀ-ի ընկերային ցանցերու մէջ:

Բազմաթիւ հայագիտական նիւթեր հասանելի են նաեւ Հայկական կրթական միջավայրի «Պաշարներու շտեմարան»-ին մէջ»,- նշուած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։