Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ՀՀ Անկախութեան 30-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ 21 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ այցելած է ՀՀ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին եւ շնորհաւորած զինք ՀՀ անկախութեան տօնի առթիւ։
Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի նախագահի աշխատակազմը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն, միջազգային կարգավիճակի յստակեցման, ինչպէս նաեւ անոր հասնելու ջանքերուն առնչուող հարցեր: